2009-01-29 13:36:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Մոսկուայի նորընտիր պատրիարքին, մաղթելով քրիստոնեաներու կատարեալ միութեան իրականացումը։


Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սմոլենսկի և Կալինինրադի միտրոպոլիտ Կիրիլին` Մոսկուայի և Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք ընտրուելու յաջորդ օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շնորհաւորագիր մը յղեց նորընտիր պատրիարքին յայտնելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը Ռուս եկեղեցւոյ հետ, ինչպէս նաեւ՝ իր յանձնառումը ընթանալու դէպի քրիստոնեաներու կատարեալ միութիւն։ Սրբազան Քահանայապետը Չորեքշաբթի օրը, ընդհանուր ունկնդութեան ընթացքին դարձեալ իր խնդակցութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ նոր պատրիարքին :Շնորհաւորական հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նորընտիր պատրիարքին մաղթեց ոյժ եւ ուրախութիւն այս նոր առաքելութեան որուն կանչուած է Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքը, առաջնորդելու՝ իր եկեղեցին դէպի եկեղեցիներու միութիւն, ու իր հօտին հոգեւոր աճումին։ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց նոր պատրիարքը պահպանելու եւ ամրապնդելու օրթոտոքս եկեղեցիներու հաղորդութիւնը ու հետամուտ ըլլալու Եկեղեցւոյ կատարեալ հաղորդութեան։ Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը միասնաբար աշխատելու աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան ինչպէս նաեւ աղքատներու համար։ Յայտնենք թէ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքը 62 տարեկան է։ Ան ընտրուեցաւ հաւաքելով՝ 700-ի վրայ 508 ձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.