2009-01-29 14:07:43

Լուրեր հայ գաղութներէն

Հայկական Մշակութային միամսեակը՝ Լիմոժի մէջ


Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքին մէջ Յունուար 23ին մեկնարկեց Հայկական մշակութային միամսեակը։

Մեկնարկը կատարուեցաւ Լիմոժի քաղաքային գրադարանի ընդարձակ սրահին մէջ, Հայաստան քրիստոնեայ երկիր Կովկասի մէջ ցուցահանդէսով։

Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Լիմոժի երաժշտանոցի պատանի սաներու կատարողութեամբ հնչած՝ Հայաստանի քայլերգով եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Լիմոժի առաջին փոխքաղաքապետ Մոնիք Պուլեսթէն եւ Հայաստանի դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Համլէթ Գասպարեան։

Ցուցահանդէսը հին ու ժամանակակից քարտէսներով, գեղարուեստական ու կիրառական իրերով, արխիւային ու նոր լուսանկարներով, հնատիպ հրատարակութիւններով եւ նոր ժամանակներու մասին նիւթերով կը ներկայացնէր Հայաստանի անցեալն ու ներկան։

Հայկական մշակութային միամսեակի ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ դասական ու ժամանակակից երաժշտութեան համերգներ, ասմունք, հայկական թեմաներով ֆրանսական գեղարուեստական ու վաւերագրական տեսաժապաւէններու ցուցադրութիւններ, Հայաստանի, հայ ժողովուրդի մասին բանախօսութիւններ եւ կլոր սեղաններ։

Միամսեակը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 28, կազմակերպուած է Լիմոժի քաղաքային իշխանութիւններու աջակցութեամբ եւ Կովկաս-Հայաստան Փլիւս կազմակերպութեան ջանքերով։ Նշենք, որ շուրջ 140 հազար բնակիչ ունեցող Լիմոժի մէջ թէեւ հայեր չկան, սակայն վերջին տարիներուն ընթացքին տեղւոյն հասարակութիւնը, համալսարանական եւ ուսանողական շրջանակները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի նկատմամբ։





Քուէյթ- Ազդարար պաշտօնաթերթի վերահրատարակութիւն։

Աւելի քան 3 տարուան ընդմիջումէ ետք, Քուէյթի Հայոց ազգային վարչութեան որոշումով սկսաւ վերահրատարակուիլ Քուէյթի ազգային առաջնորդարանի Ազդարար պաշտօնաթերթը, որուն հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Քուէյթի Հայոց ազգային վարժարանի փոխտնօրէն Կարօ Արսլանեանի։

Թերթը 15 տարի առաջ ծնունդ առած է ան ունի ՜՜Հայաստանի, Սփիւռքի եւ ընդհանրապէս հայութեան վերաբերող լուրերը համայնքի զաւակներուն փոխանցելու նպատակ՝՝եւ պիտի վերսկսի լոյս տեսնել միեւնոյն նպատակով ։ Այս առիթով ուղղած իր ողջոյնի գիրին մէջ Կորիւն արք Պապեան՝ Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Քուէյթի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը նշած է. ՜՜Մենք կը հաւատանք, որ առաջնորդարանիս Ազդարար պաշտօնաթերթը, ունի իւրայատուկ դերակատարութիւն մը։ Բնականաբար ամէն մարդ ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ հնարաւորութիւնն ու կարողութիւնը ունի օգտուելու վերոյիշեալ աղբիւրներէն։ Ուստի Ազդարարը կրնայ բաւարարել անոնց հետաքրքրութիւնը, դիւրացնել անոնց գործը՝ հետեւեալ կերպով

Ա.- տալով համառօտ լուրեր Հայաստանէն եւ Արցախէն, որոնք կը հետաքրքրեն ամբողջ հայութիւնը։



Բ.- հաղորդելով Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ հայապահպանման գծով եւ հայկական պահանջատիրութեան նպատակով թափուած ճիգերու վերաբերեալ տեղեկութիւնները։

Գ.- Ազդարարը կրնայ հայելին դառնալ քուէյթահայութեան, ինչու չէ՝ նաեւ թեմիս այլ շրջաններու կրօնական ու ազգային, կրթական ու մշակութային գործունէութեան, պարբերաբար արծարծելով իւրաքանչիւր շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

Եթէ յաջողի հետեւողականօրէն հետապնդել եւ գէթ մասամբ իրագործել այս նպատակակէտերը, այն ժամանակ Ազդարարը կարդարացնէ իր վերահրատարակութեան իմաստը։ Ինզպէս մեզի կը յուշեն դարերու իմաստութիւնն ու մեր խիղճը՝ ՜՜Աւելի լաւ է մոմ մը վառել խաւարին մէջ եւ լուսաւորել շրջապատը, քան թէ՝ անիծել խաւարը՝՝։



Միացեալ Նահանգներ- Հայկական խաչքարերու նուիրուած դասախօսութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի Յովնանեան սրահին մէջ 22 յունուար 2009-ին տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարերու նուիրուած դասախօսութիւն։ Օրուան բանախօսն էր արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի մէջ 25 տարիներ ծառայած Հելէն Իվընզ։ Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Օշական արք Չոլոյեան, որ բարձր գնահատեց Իվընզի ջանքերը՝ հայկական արուեստը համաշխարհային գնահատանքի արժանացնելուն համար։

Իվընզ մեծ դերակատարութիւն ունեցած էր Երեւանի Լոռիի մարզէն խաչքար մը տանելու Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի երկար ժամանակ ցուցադրուի թանգարանին մէջ՝ նախքան վերադարձուիլը։

Դասախօսը՝ Հելէն Իվընզ խօսք առնելով յայտնեց իր սէրը եւ տեղեկութիւնները՝ հայկական արուեստի եւ մշակոյթի նկատմամբ։ Անդրադառնալով խաչքարին՝ ան նկատել տուաւ, թէ անոր մէջ կը տեսնէ Աւետարանները քարի վրայ եւ յայտնեց, թէ խաչքարը կարժեւորէ հայկական արուեստը։








All the contents on this site are copyrighted ©.