2009-01-28 13:58:28

Լուրեր հայ աշխարհէն

Վիգէն Սարգսեան Հ Հ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ,


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 Յունուարին ստորագրած հրամանագիրներով նշանակեց Վիգէն Սարգսեանը Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, իսկ Գառնիկ Իսաղուլեանը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ նախագահի մնայուն ներկայացուցիչ։

Վիգէն Սարգսեան 1995 - 1998 աշխատած է Ազգային ժողովին մէջ՝ իբրեւ խորհրդարանի նախագահի օգնական, իսկ այնուհետեւ՝ խորհրդական։ 2000 - 2003 ծառայած է Հայաստանի զինեալ ուժերուն մէջ իբրեւ սպայ՝ վարելով պաշտպանութեան նախարարի զեկուցարարի պաշտօնը։ 2003-ին նշանակուած է Հայաստանի նախագահի օգնական։

Իսկ Գառնիկ Իսաղուլեան մինչեւ իր նոր նշանակումը կը վարէր նախագահի խորհրդականի պաշտօնը։

Հայոց բանակի օրուան առիթով Ս. Պատարագ

Աւանդութեան համաձայն, Բանակի օրուայ առիթով երէկ 27 Յունուար 2009-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան։

Արարողութեան ընթացքին Սրբազանը քարոզ մը արտասանեց անդրադառնալով հայոց մարտունակ բանակի կարևորութեան մեր պետականութեան պահպանման և ամրապնդման գործին մէջ։

Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան, ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Եուրի Խաչատուրով և ՀՀ բանակի բարձրագոյն սպայական կազմի անդամներ։

Պատարագէն ետք Դիւանատան մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան, շնորհաւորեց ներկաները տօնին առիթով, եւ ամենուն փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։

Հայաստան նշեց Հայկական բանակի հիմնադրութեան օրը

Հայկական բանակի հիմնադրութեան օրուան առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց հայկական բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը եւ հայ ժողովուրդին ու բանակին յղեց այս առիթով իր ուղերձը որուն մէջ մասնաւորապէս նշեց թէ Հայկական բանակի ստեղծումը 17 տարի առաջ դարձաւ օրուայ ամենաանյետաձգելի հրամայականը։ Հայկական բանակը ձեւաւորուեցաւ ու թրծուեցաւ իր գոյութեան առաջին իսկ օրերուն դրսեւորելով իր լաւագոյն որակները՝ անմնացորդ նուիրումը հայրենիքին, անկոտրում մարտական կամքն ու յաղթանակի ոգին։ Շնորհիւ այդ ամէնուն կարողացանք յաղթել անհաւասար գոյամարտին մէջ ու ամրագրել մեր իսկ արժէքներով ապրելու ազատութիւնը։

Մեզ համար Հայոց բանակը ազգային հպարտութիւն է, իսկ հակառակորդներու համար՝ զսպուածութեան եւ զգօնութեան մղող հզօր գործօն, պահպանելու՝ խաղաղութիւնը։

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքը ուղղելով սպաներուն եւ զինուորներուն ըսաւ թէ , բանակի ծառայելը մեծ առաքելութիւն է, իսկ յաղթանակած բանակի ծառայելը՝ պատիւ ու պատասխանատուութիւն։ Զինուորականի գործը կը համարուի ամենապատուաբերներէն մէկը։ Իր շնորհաւորութեան խօսքով նախագահը յիշեց բանակաշինութեան բոլոր երախտաւորները, զինակիցներն ու մարտական ընկերները, որոնք ոչինչ խնայեցին այսօրուայ ու վաղուայ Հայաստանի համար։ Ան ըսաւ. խոնարհւում ենք իւրաքանչիւր զինուորի ու սպայի յիշատակի առջեւ, ով իր կեանքը զոհեց յանուն հայրենիքի։



Ալվարդ Պետրոսեանի ՜՜Խմբերգերի Ժամանակը՝՝ Ժողովածուն

Լոյս տեսած է գրող, հրապարակախօս Ալվարդ Պետրոսեանի Խմբերգերի ժամանակը պատմուածքներու ժողովածուն։ Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Փետրուարին։ Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Ա Պետրոսեան նշեց, որ գիրքին վերնագիրը ժողովածուին մէջ ընդգրկուած վիպակներէն մէկուն կը պատկանի։ Գիրքին մէջ արծարծուած է այն միտքը, որ ներկայ ժամանակներու խնդիրները մէկ անգամէն չեն յայտնուած, այլ անոնց հիմքը դրուած է մեր պատմութեան նախորդ էջերուն մէջ։ Ժողովածուն հրատարակուած է պետական պատուէրով, այսինքն՝ հրատարակութեան ծախսերը ապահովուած են պետական ամավարկէն։ Հրատարակուած է 500 օրինակ տպաքանակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.