2009-01-27 13:25:32

Քրիստոնէականի ուսուցում - Ծիսակատարումը Եկեղեցւոյ մէջ։ Խորհուրդներու Ծիսակատարումը


236 - Ծիսակատարումը ի՞նչ ձեւով կը հանդիսակատարուի։

Ծիսական հանդիսակատարումը կը բաղկանայ նշաններէ եւ խորհրդանիշերէ, որոնց նշանակութիւնը կը բացայայտուի արարչութեան եւ մարդկային մշակոյթին մէջ արմատացած Հին Ուխտին դէպքերուն մէջէն, իսկ ամբողջութեամբ կը յայտնուի Քրիստոսի Անձին եւ գործերուն մէջ։



237-Ուսկի՞ց առնուած են խորհրդենական նշանները։

Անոնցմէ ոմանք կու գան արարածներէն - լոյսը, ջուրը, կրակը, հացը, գինին, իւղը, ուրիշներ կու գան ընկերային կեանքէն - լուալ, օծել, հաց բեկանել, իսկ ուրիշներ՝ Հին Կտակարանի փրկութեան պատմութենէն։ Զատկուայ ծիսարարքները, զոհերը, ձեռադրումը, նուիրագործումները։ Նման նշանները, որոնցմէ ոմանք Քրիստոսի կողմէ ստանձնուած ըլլալով՝ օրէնքի անփոփոխելի նշանակութիւն ստացած են, իրենց մէջ կը ներփակեն փրկութեան եւ սրբացման արարքները։



238-Ի՞նչ զօդ գոյութիւն ունի խորհրդենական հանդիսակատարումի շարժուձեւերուն եւ խօսքերուն միջեւ։

Խորհրդենական հանդիսակատարումին շարժուձեւերն ու խօսքերը իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են։ Արդարեւ նոյնիսկ եթէ խորհրդանշական շարժուձեւերը ինքնին արդէն խօսուն են, սակայն անհրաժեշտ է որ ծիսարարքի խօսքերը անոնց ընկերակցին եւ զանոնք կենսաւորեն։ Ծիսարարքի խօսքերն ու շարժուձեւերը՝ իբր նշան եւ նշա-նակութիւն իրարու զօդուած ըլլալէն զատ, անանջատելի են՝ նաեւ որովհետեւ կ՛իրագործեն ինչ որ կը նշանակեն։



239-Երգն ու երաժշտութիւնը ի՞նչ չափանիշով իրենց պաշտօնն ունին ծիսակատարումին մէջ։

Երգն ու երաժշտութիւնը ծիսարարքի հետ սեղմ կապակցութիւն ունենալնուն պատճառով, անոնք հետեւեալ չափանիշերը յարգելու են - Անոնց խօսքերը նախընտրաբար Ս Գիրքէն եւ ծիսական աղբիւրներէն քաղուած եւ կաթողիկէ վարդապետութեան հետ համաձայն ըլլալու են, - Աղօթքը գեղեցիկ ոճով արտայայտուած ըլլալու է - Երաժշտութիւնը որակաւոր ըլլալու է - Խմբուած ժողովուրդը ծիսարարքին մասնակցելու է - Աստուծոյ Ժողովուրդին մշակութային հարստութիւնը բովանդակելու է - Հանդիսակատարումին սրբազան եւ հանդիսաւոր բնոյթը պահպանելու է։ Ան որ կ՛երգէ, երկու՛ անամ կաղօթէ Ս. Օոստինոս։



240-Ինչու՞ են սուրբ նկարները։

Քրիստոսի պատկերը ծիսական գերագոյն սրբանկարն է։ Ս. Կոյսը եւ Սուրբերը ներկայացնող միւս նկարները Քրիստոսը կը նշեն, որ անոնց մէջ փառաւորուած է, կը հռչակեն նոյն առաքելական պատգամը որ Ս. Գիրքը կը փոխանցէ խօսքին միջոցով, կ՛օժանդակեն հաւատացեալներուն մէջ հաւատքն արթնցնելու եւ սնուցանելու։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.