2009-01-27 13:18:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գամերուն եւ Անկոլա առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը երկուշաբթի օրը հրապարակեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գամերուն եւ Անկոլա առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։ Առաքելական ճամբորդութիւնը նախաետեսուած է որ տեղի ունենայ մարտ 17-23։ Սրբազան Քահայանապետը իր Ափրիկէ կատարելիք առաջին ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու եւ մահմետական կրօնապետերու հետ։ Անկոլայի մէջ նախատեսուած է մեծ հաւաք մը երիտասարդութեան հետ։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու հանրապետութեան նախագահներու հետ։



Անկոլայի եկեղեցին դրական կերպով կը սատարէ երկրին համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար

Յառաջիկայ մարտ 20-23 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Անկոլա առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ Տոս Սանդոսի հրաւէրին։ Այս առթիւ Անկոլայի եկեղեցին ներկայացուցած է 2008ի գոհացուցիչ հաշուեկշիռը։ Եկեղեցին՝ մեծապէս սատարած է երկրին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան հաստատումին համար։ 2008ին եկեղեցական իշխանութիւնները հրաւիրած են նոր սերունդը որ հեռանան ոգելից ըմպելիներէն, թմրեցուցիչներէն եւ չարագործութիւններէն։ Արդարեւ տեղական մամուլը ընդգծած է գինեմոլներու նահանջը։ Երկրին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան հաստատումին մասին անդրադառնալով, մամուլը կը յիշեցնէ թէ Անկոլան ճանչցաւ 27 տարուայ քաղաքացիական պատերազմ, 1975-2002, որուն հետեւանք՝ կէս միլիոն հոգի զոհուած են եւ չորս միլիոն տեղահանուած։ Եկեղեցին 2008ին յաճախ քարոզած է եղբայրսիրութիւնը, մասնաւորապէս կարօտեալներու հանդէպ։ Նոյնպէս եկեղեցին պայքար մղած է տնային բռնութիւններու դէմ եւ պարագլուխները հրաւիրած` լուծելու ընդհարումները երկխօսութեան ճամբով։ Ինչպէս նաեւ յառաջ տարած է ընկերային ծրագիրներ նուաճելու բոլոր այն երեւոյթները որոնք կարող են վնաս բերել ընկերութեան։

Եկեղեցին անդադար կը յիշեցնէ թէ կարելի չէ նիւթական բարրօրութիւն ունենալ առանց կրօնական ազատութեան։ Նոյնպէս եկեղեցւոյ պատասխանատուները երկրի ղեկավարներէն խնդրած են իրականացնել ծրագիրներ կարող չէզոքացնելու դասական անհաւասարութիւնը, ամէն անհատին կարելիութիւն տալով ունենալու՝ հաւասար իրաւունք եւ պարտականութիւն, առանց դասակարգի խտրականութեան։ Ընկերային գետնի վրայ, Կաթողիկէ Եկեղեցին Անկոլային մէջ հաստատեց առողջապահական կեդրոններ, յառաջ տարաւ անգրագիտութեան դէմ յայտագրեր ու կառուցեց դպրոցներ։ Եկեղեցին Սրբզ. Քահանայապետի այցելութենէն կը յուսայ որ քրիստոնեայ հաւատացեալներու հաւատքը ամրանայ։

Ի դէպ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մարտ ամսոյն մէջ պիտի այցելէ թէ Գամերունը եւ թէ եւ Անկոլան։ Ասիկա պիտի ըլլայ իր առաջին այցելութիւնը Ափրիկեան ցամաքամասը։








All the contents on this site are copyrighted ©.