2009-01-27 13:25:19

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Աստուածաբանական Երկխօսութեան Հանդիպման


Հռոմի մէջ Յունուար 24-31 կայացող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան հանդիպման ,կը մասնակցի նաեւ հայ եկեղեցին՝ կաթողիկէ եւ առաքելական , Արհիապատիւ Պետրոս արք Միրիաթեան Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդը կը ներկայացնէ հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Եզնիկ արք Պետրոսեան՝ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն եւ Խաժակ արք Պարսամեան’ ԱՄՆի առաջնորդը, կը մասնակցին որպէս ներկայացուցիչներ՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան իսկ Օշական արք Չօլոյեան եւ Նարեկ եպս Ալեմէզեան, կը ներկայացնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Ժողովին կը նախագահեն Հռոմի Քրիստոնէական միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ուալթէր Քասփէր եւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոփոլիթ Ամպա Պիշօ։ Հանդիպման կը քննարկուին երկխօսութեան արդիւնքով ստեղծուած Եկեղեցւոյ բնոյթը, սահմանադրութիւնը եւ առաքելութիւնը թեմաները եւ երկխօսութեան հետագայ ընթացքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.