2009-01-26 13:41:20

Վատիկանը պաշտօնապէս նոր կայան մը կը բանայ համացանցի Եու-Թուպի վրայ։


Յունուար 23ին վատիկանը նոր կայան մը սկսաւ գործածել համացանցի Եու-Թուպ գիծին վրայ, հակիրճ տեղեկութիւններ պատկերասփռելով վատիկանեան տեղեկութիւններու մասին իտալերէն, սպաներէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով։ Հանրութեան ներկայացնելով կայանը, վատիկանի բանբերը Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, որ միաժամանակ տնօրէնն է Ռատիովատիկանի եւ Վատիկանի Հեռուստատեսիլին, ըսաւ թէ՝ այս կայանը ուղղուած է համաշխարհային հանրութեան եւ կը վայելէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին օրհնութիւնը։ Արդարեւ Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին ակնարկեց Վատիկանի նոր կայանին, իր յոյսը յայտնելով թէ՝ այս նախաձեռնութեամբ պիտի ընդառաջէ մեծ թիւով անհատներու հոգեւոր ակնկալութիւններուն ու հարցադրանքներուն ճանչնալու Յիսուս Քրիստոսի սէրը, եւ տարածել Աւետարանը աշխարհի չորս ծագերուն պարտականութիւնը որուն համար Եկեղեցին կանչուած է ։

Վատիկանի նոր Կայանին բանալին է ` (http://it.youtube.com/vatican) համացանցի յաճախողները կը գտնեն նաեւ բանալիները վատիկանի այլ հաստատութիւններու ինչպէս հեռուստատեսիլի կայանը եւ Ռատիովատիկանը՝ իր 39 լեզուներով, ներառեալ ՛՛հայերէն՛՛ ը, ուր ամէն օր տեղեկութիւններ կը հաղորդուին` ձայնով թէ գրաւոր. Ս. Պետրոս առաքելապետի յաջորդին կեանքի պատկերն ու լուրերը, որ լոյս եւ յոյս կը ներշնչէ մարդկային կեանքի տուայտայնքին մէջ, կը հաղորդուին նաեւ՝ լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն, լուրեր Մայր Հայրենիքէն ու Սփիւռքահայութեան կեանքէն, կը տրուի կիրակնօրեայ Ս. Աւետարանին բացատրութիւնը, մեր Ս. Հայրապետներու հաւատքը ու հայ եկեղեցական կեանքի հայող լուրերը։





















 








All the contents on this site are copyrighted ©.