2009-01-26 13:39:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ՛ընդունի գաղտիացի եպիսկոպոսները.

Քրիստոնեաները Իրաքի մէջ լիիրաւ քաղաքացիներ են ( ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նախ անհատաբար եւ ապա հաւաքաբար ընդունեց Գաղտիայի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը դատը պաշտպանեց Իրաքի քրիստոնեաներուն հաստատելով թէ անոնք լիիրաւ քաղաքացիներ են, իրենց իրաւունքներով ու պարտականութիւններով, առանց կրօնական խտրականութեան։

Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Աւստրալիայէն եկած Գաղտիացի 15 եպիսկոպոսներուն յայտնեց իր աղօթքն ու հոգատարութիւնը Իրաքի քրիստոնեաներուն, մինչ Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեաները կը գտնուին դժուար կացութեան մը մէջ։ Խօսելով մասնաւորապէս Իրաքի կացութեան մասին, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ՜՜Գաղտիայի եկեղեցին կանչուած է չափաւոր ու հաւասարակշիռ կեցուածք մը ունենալու եւ պէտք է կատարէ կարեւոր դեր մը՝ իրաքեան նոր ընկերութեան մէջ, ուր ամէն քաղաքացի կարենայ ապրիլ ներդաշնակութեամբ ու փոխադարձ յարգանքով՝՝։ Անդրադառնալով Իրաքի քրիստոնեաներու ներկայ ողբալի կացութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ. ՜՜ քրիստոնեաները որ Իրաք կ՛ապրին լիիրաւ քաղաքացի են, անոնք ունին միեւնոյն իրաւունքները եւ միեւնոյն պարտականութիւնները՝՝։ Սրբազան Հայրը ողջունեց Իրաքի քրիստոնեաներու քաջութիւնն ու յարատեւութիւնը ի տես անոնց կրած՝ բազմաթիւ հալածանքներուն եւ սպառնալիքներուն, եւ յատկապէս ողջունեց յիշատակը՝ հայր Ռակիտ Ազիզ Գաննի եւ գերապայծառ Բոլ ֆարաժ Ռահոյի, որոնք սպաննուեցան մին՝ 2007-ի յունիսին եւ միւսը՝ 2008-ի մարտ ամսոյն։ Յայտնենք թէ ունկնդրութեան ընթացքին գաղտիացի եպիսկոպոսները Սրբազան Քահանայապետին նուիրեցին երկու եկեղեցականներու՝ ծիսական հագուստները։








All the contents on this site are copyrighted ©.