2009-01-26 13:15:44

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի թիւ 225 եւ 300 յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ


Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան անցեալ շաբաթավերջին ստորագրած է հրաման մը՝ աշխատանքային խմբակ ստեղծելու մասին ունենալով որպէս նպատակ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի թիւ 225 եւ 300 յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին համապատասխան օրէնքի նախագիծի մշակում։ Աշխատանքային խմբակի ղեկավարն է Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան։ Խմբակին մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ՝ Արմէն Ռուստամեան, Ազգային ժողովի եւրոպական համարկումի հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ՝ Աւետ Ադոնց, Ազգային ժողովի ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մնայուն յանձնախումբի անդամ Արծրունի Աղաճանեան։

Աշխատանքային խմբակի ղեկավարին յանձնարարուած է մինչեւ 19 փետրուար 2009 ներկայացնել առաջարկներ։



Ճորճ Տէր Ստեփանեանի Wiser Than Humans Գրքին Շնորհահանդէսը

Ճորճ Տէր Ստեփանեանի՝ ՝՝Մարդ արարածներէն աւելի իմաստուն՝՝ խորագրով գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը լոյս տեսած է, եւ այս առթիւ շնորհահանդէս մը կատարուած՝ Մոնրէալի Redpath թանգարանին մէջ, գրքին թարգմանիչին՝ Christine Mitchell-ի կողմէ, այս առթիւ հեղինակին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուցած է անկախ լրագրող Reese Erlich, որ գործակից է լրատուական գործակալութիւններու։

Փրոֆեսէօր Ճորճ Տէր Ստեփանեան ծնած է 1907-ին եւ վախճանած՝ 2006-ին. ան հռչակաւոր մասնագէտ մըն էր ճարտարապետական երկրաբանութեան մարզէն ներս եւ ապագայի հեռանկար ունեցող ակադեմական մը, որ իր գիրքը գրած եւ հրատարակած է Հայաստանի մէջ, 1989ին։ Յատկանշական է որ այս science fiction վէպը գրուած է այն ժամանակ, երբ երկրագունդի պահպանումը լուրջ մտավախութիւն չէր ներկայացներ տակաւին . աշխատութեան նիւթը այսօր աւելի այժմէական է քան երբեք, որովհետեւ անիկա կ՝արծարծէ բնապահպանման հարցեր, որոնցմէ կախեալ է մարդկութեան գոյատեւումը։ Դարասկիզբին ծնած՝ Ճորճ Տէր Ստեփանեան ականատես եղած է քաղաքական եւ պատմական բազմաթիւ դէպքերու։ Wiser Than Humans-ի ռուսերէն թարգմանութիւնը Տէր Ստեփանեանի վերջին ծրագիրն էր՝ նախքան մահանալը։

Յիշենք, որ այս գործին մէջ Տէր Ստեփանեան կը փոխանցէ իր համոզումները՝ հաւատալով, որ միացեալ ջանքերու եւ հաւաքական աշխատանքի շնորհիւ կարելի է տէր կանգնիլ մեր միջավայրի առողջութեան։



Ստալինեան դժողքէն փրկուածներու սեւ յուշերը։

Հայաստանի ընտրանի զաւակները, մտաւորական ու արուեստագէտներու դասը Սովետական Միութիւն կոչուած բռնատիրութեան զոհ դարձած էր. Յիշենք անոնցմէ Չարենց, Բակունց, Թոթովենց, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշ շատեր։Նոյն վարչակարգին հրամանով աիելի քան 40 հազար հայեր (միայն Հայաստանէն), կ՝աքսորուէին Սիպերիա։ Այս բազմահազար աքսորեալներու 50 տոկոսը հայրենադարձներ էին, որոնք բռնի քշուեցան Սիպերիա, մէկ գիշերուան մէջ շոգեկառքերը լեցնելով ոչ թէ մարդատար վակոններով, այլ՝ անասունները փոխադրող շոգեկառքերով։

Սիպերիա աքսորուած հայ գրագէտներէն ու հայաստանցի բանաստեղծներէն՝ անշուշտ անոնք, որոնք ողջ մնացին 15 կամ 20 տարիներու զուլումէն, կրցան գրել եւ լոյս ընծայել իրենց անասելի եւ անտանելի կեանքին յուշերը՝ հրատարակելով արգելափակման պատիժէն ետք, երբ ձիւնհալ մը սկսած էր Ստալինի մահովը՝ 1953-ին։ Հայաստանցի երեւելի գրողներէն կարելի է յիշել անունները Մկրտիչ Արմէնին եւ իր յուշագրական հատորին, զոր մկրտած էր Պատուիրեցին յանձնել ձեզ. Գուրգէն Մահարի ներկայացուց իր Ծաղկած փշալարերը, իր կինը՝ Անթոնինա եւս գրեց իր յուշերը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց։ Նայիրի շաբաթաթերթը յաջորդական թիւերով ներկայացուց վէպի նմանող այս յուշագրական հատորը, որ հետագային լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն։

2008-ին լոյս տեսաւ 327 էջերէ բաղկացած հատոր մը՝ Կեանքը դռնփակ աշխարհում վերնագրով անոր հեղինակն է Եղիսաբէթ Չափչովեան-Մանկասարեան։ Ծնած՝ Իրան 1926-ին, ամուսնացած է 20 տարեկանին, ապա նոյն տարին՝ 1946-ին ամուսնոյն հետ ներգաղթած է Հայաստան, իբրեւ ջերմ հայրենասէր։ Հազիւ ոտք կոխած հայրենի հողին՝ արդէն կը սկսի հիասթափութիւնը...մինչեւ Սիպերիոյ ճամբաներ եւ ...աքսոր։ Անկեղծ յուշագրութիւն մը՝ սեւ օրերու, պարզագոյն ոճով, ընթերցողը դնելով ճգնաժամային մթնոլորտի մէջ։

Եղիսաբէթ Մանկասարեան առաջիններէն կը նկատուի՝ իր զարհուրելի յուշերը պատմող, իբրեւ սփիւռքահայ, տառապած հայրենադարձ։ Հեղինակը կ՝ըսէ թէ ՜՜Պէտք է բոլոր լեզուներով թարգմանուի Սիպերիա աքսորուածներուն, անմեղ ժողովուրդին վերապահուած կեանքին դժբախտութեան մասին, որ մանրամասնօրէն, ոչինչ մոռցած ըլլալու սուր յիշողութեամբ, գրական լեզուով, հոգեբանական խորացումով, նոյնիսկ բանաստեղծական թռիչքով նկարագրած է իր երիտասարդութեան վաղ տարիներուն դժբախտութիւնը՝՝։ Գիրքը հրատարակուած է Սիտնի (Աւստրալիա)։








All the contents on this site are copyrighted ©.