2009-01-26 12:42:13

Ակնարկ մը՝Միջազգային ու Ազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը՝Միջազգային ու Ազգային Դէպքերուն։

Եւրոպական Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարները երէկ Միջին Արեւելեան իրենց պաշտօնակիցներուն հետ Պրիւքսէլ կայացած հանդիպումին արտայայտած են իրենց համոզումը որ Կազայի տագնապի միակ լուծումը կը կայանայ ՝՝ֆաթահ-ի եւ Համաս Շարժումի հաշտութեան մէջ՝՝։ Աշխատիլ արագընթաց հաշտութեան մը համար ընդ մէջ՝Ապու Մազէնի ՝՝ֆաթահ՝՝ եւ ՝՝Համաս՝՝ կուսացկութեանց,հասնելու համար մշտական լուծումի մը Կազայի Գօտիի տագնապին։ Ասիկա է մաղթանքը Եւրոպական Երկիրներու Արտաքին Գործոց նախարարներու որոնք երէկ Պրիքսէլի մէջ ժողով մը գումարեցին Թուրքիոյ,Յորդանանի,Եգիպտոսի եւ Պաղեստինեան Ազգային Իշխանութեան Դիւանագիտութեանց ղեկավարներու հետ։Միւս կողմէ Միջին Արեւելք կը ժամանէն Եւրոպական Միութեան Արտաքին Քաղաքականութեան Պատասխանատուն Սոլանա եւ Ամերիկայի նոր պատուիրակը Միջին Արեւելքի համար Ճորճ Միչըլ որ ծագումով լիբանանցի է։



1 Մարտի Դէպքերուն պատճառով Դատապարտուած 16 Անձերու Ներում Շնորհուած։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր հրամանագիրներ ստորագրած է՝ 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ՝ զանգուածային խռովարարութիւններուն մասնակցելու, ապօրինի զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու, գործածելու, տեղափոխելու, կրելու, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու մեղադրանքներով 2 - 3 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած 16 անձերու ներում շնորհելու մասին։

Նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած, որ ներման հրամանագիրներ ստորագրելու որոշումը տրուած է՝ նկատի առնելով դատապարտուածներուն կողմէ նախագահ Սարգսեանին ուղղուած ներման խնդրագիրները, ինչպէս նաեւ նախապէս դատապարտուած չըլլալը եւ այլ՝ ընտանեկան եւ առողջական հանգամանքներ։



Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը՝ Երկու Օրէն

՝՝Նոյեան Տապան՝՝ լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27 Յունուարին՝ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա)։ Իսկ երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած, որ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 28 Յունուարին՝ Տաւոսի մէջ։



Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոխորհրդարանի շէնքէն ներս, անցեալ Չորեքշաբթի ուշ երեկոյեան, աւարտեցաւ Եւրոպահայերու Համադաշնակցութեան կազմակերպած խորհրդաժողովը՝ նուիրուած ՝՝Ցեղապաշտութեան եւ Այլատեացութեան դէմ՝ Եւրոմիութեան շրջանակային որոշման դրոյթները՝՝ ԵՄ անդամ երկիրներու օրէնսդրութիւններու մէջ ներառնելու հնարաւորութեան քննարկման։ Եւրոպահայերու Համադաշնակցութեան նախագահ Հիլտա Չոպոյեան յայտնած, թէ քննուած են երկիրներու մէջ դի-մագրաւուած խոչընդոտները։ Մասնաւորապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման պատժելիութեան առումով իրավիճակը տարբեր երկիրներու մէջ բաւական բարդ է, քանի որ իւրաքանչիւր երկիր ինք պիտի բնորոշէ, թէ որ ցեղասպանութիւններու ուրացումը պէտք է պատժելի դառնայ իր օրէնքով, եւ այստեղ մեծ աշխատանքի անհրաժեշտութիւն կայ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու հետ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դատապարտումը յաւելեալ արգելքներու չհանդիպի,( յայտնած է Չոպոյեան)։ Ըստ Չոպոյեանի, ԵՄ տարբեր երկիրներու, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Սպանիոյ, Սլովաքիոյ մէջ, արդէն իսկ ցեղասպանութեան ուրացման դատապարտման հարցը այս կամ այն ձեւով օրակարգի վրայ է, բայց իւրաքանչիւր երկիր տարբեր պատճառներով սահմանափակումներ դնելու իրաւունք ունի. երկիրներու կառավարութիւնները պէտք է որոշեն, թէ ԵՄ որոշման ազգային կիրառումը պէտք է ենթադրէ՞ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման պատժելիութեան օրէնք, թէ ոչ։








All the contents on this site are copyrighted ©.