2009-01-25 15:51:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, յունուար 25, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ս. Պօղոս առաքեալի դարձի յիշատակութեան օրն է այսօր։ Այս ոգտեկոչումով վերջ կը տրուի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։ Յարուցեալ Յիսուսի հետ հանդիպում ունենալէ ետք, Տամասքոսի ճամբու վրայ, Պօղոս առաքեալը դարձաւ կատարեալ տիպարը Յիսուսի աշակերտին։ Անոր նմանութեամբ` դառանք արի վկաները Տիրոջ անյաղթ սիրոյն։

Ապա նորին սրբութիւնը ըսաւ. ինծի հաճելի է ողջունել Ռաուլ ֆոլերոյի ընկերակցութիւններու միջազգային միութիւնը. որ կը շարունակէ իր եղբայրօգմութեան ամգնահատելի աշխատանքը յառաջ տանիլ բորոտներու ի սպաս, պայքարելով այս հիւնադութեան դէմ մասնաւորապէս եւ աղքատութեան դէմ ընդհանրապէս։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ուզեց ողջունել Արեւելեան Ասիայի կարգ մը երիկրները, որոնք յառաջիկայ օրերուն կը տօնեն լուսինի ամանորը։ Անոնց կը մաղթեմ ուրախութեմաբ անցեն այս տօները։ Ուրախութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յառաջ կու գայ ներդաշնակութեամբ ապրելով Աստուծոյ հետ եւ անոր արարչագործութեան հետ։

Հայրական այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.