2009-01-25 15:54:26

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


 Վաշինկթըն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 24 եւ 25 Յունուարին տարեկան դրամահաւաք ի նպաստ Լատին Ամերիկայի։

ԱմերիկայիՄիացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը 43-տարիէ ի վեր կը կատարէ դրամահաւաք մը ազգային գետնի վրայ,Լատին Ամերիկայի ի նպաստ։Դրամահաւաքր կը ծառայէ ֆինանսաւորելու՝ միսիոնարական,կազմաւորումի եւ կրօնուսուցումի ծրագիրներ, նախաձեռնուած Հարաւամերիկեան թեմերու կողմէ։ Հիմնադրամի մէկ մասը սահմանուած է նաեւ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Բարգաւաճումի Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Գրասենեակի նախաձեռնւթեանց ի խնդիր ամերիկեան ենթացամաքային Եկեղեցիներուն համար։ 2008-ին կատարուած դրամահաւաքէն գլխաւոր օգուտը քաղած է Գուպան., արդարեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը վաւերացուցած է գրեթէ 80 ծրագիրներ Գուպայի մէջ 850-հազար տոլար արժողութեամբ (հաւաքուած 8 միլիոն տոլարի վրայ)։Կենսական օժանդակութիւն մը այս երկրի Եկեղեցւոյ համար որ 50տարուայ գաղափարաբանական անաստուածութենէ եւ կրօնական ազատութեան սեղմումներէն ետք այսօր յանձնառու է ՝՝ժողովուրդի աւետարանումի՝՝ դժուարին գործի մէջ։



Հարաւային Ափրիկէ։ Հարաւային Ափրիկէի Եկեղեցիները կը մասնակցին Կազայի բնակչութեանց հետ զօրակցութեան։Երկրի կաթողիկէ Եպիսկոպոսները հրաւիրած են հաւատացեալները իրենց նպաստը բերելու ՝՝Յատուկ Հիմնադրամի՝՝ մը ֆինանսաւորելու համար Կազա երթալիք օժանդակութեան թռիչքները։ Քարոզչութիւնը կազմակերպուած է ՝՝Գարիթաս Բրոժէքթի՝՝ կողմէ,պաշտօնական մարմինը Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական Դասի մարդասիրական ստիպողականութեանց ,գործակցութեամբը Gift 0f the Giver Foundation –ի հետ (Հարաւային Ափրիկեան Եկեղեցիներու Խորհուրդին պատկանող) եւ մասնակցութեամբ Արտաքին Գոըծոց Նախարարութեան եւ համքարութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.