2009-01-24 12:18:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Անտիոքի Ասորի կաթողիկէներու նոր պատրիարք` ամենապատիու եւ գերերջանիկ Ինքնատիոս Յովսէփ Գ Եունան։


 Անտիոքի Ասորի կաթողիկէներու նոր պատրիարքը ընդունելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մաղթեց որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւնները շարունակեն ապրիլ այդ հողին վրայ եւ շարունակեն տալ իրենց հաւատքի վկայութիւնը։

Սրբազան Հայրը յունուար 23ի նամակին մէջ կը ճանչնայ Անտիոքի ասորի կաթողիկէներու նոր պատրիարքին ընտրութիւնը եւ անոր կը յայտնէ իր խնդակցութիւններն ու սէրը Անտիոքի ասորի եկեղեցւոյ։ Ուրբաթ օրը ընդունելով նորընտիր պատրիարքը եւ սիւնոդոսական հայրերը Սրբազան Քահանայապետը իր ուղղած ճառին մէջ յիշեցուց թէ Աւետարանական պատգամը Արեւելքէն եկաւ եւ մաղթանքս է որ Արեւելքի քրիստոնեաները կարողանան խաղաղութեամբ ապրիլ այդ հողին վրայ ու շարունակեն իրենց հաւատքի վկայութիւնը տալ։



Շաբաթ 24 յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառորդաբար ընդունեց

Գերապայծառ ֆիլիփ Ուիլսըն՝ նախագահը Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական դասին ապա Իրաքի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէ՝ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.