2009-01-24 12:01:12

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Աղեքսանդրիոյ Ղպտի կաթողիկէներու վաստակաւոր պատրիարք Ստեֆանոս Բ Ղաթթասի մահուան։


Եգիպտոսի Ղպտի եկեղեցիոյ պատրիարքին ու սիւնոդոսի հայրերուն յղած ցաւակացական հեռագիրին մէջ, Հոգեւոր Տէրը կը գրէ. Երէկ խոր ցաւով իմացանք մահուան գուժը Աղեքսանդրիոյ Ղպտի կաթողիկէներու վաստակաւոր պատրիարք Ստեֆանոս Բ Ղաթթասի։ Արեւելքի եկեղեցիները եւ յատկապէս Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցին, այսօր կորսնցուց իր նուիրեալներէն մին, որ իր իմաստութեամբ ղեկավարեց Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցին 20 տարիներ շարունակ։ Մեր եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն, կղերի, մայրապետներուն եւ հաւատացեալներուն անունով, սրտաբուխ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ձեզի, ինչպէս նաեւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ Լազարիսթ պատուարժան միաբանութեան։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ իր հոգին արդարներու լոյսին մէջ հանգչեցնէ եւ ընդունի զինք երկնային արքայութեան մէջ։

Արդարներու յիշատակը օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.