2009-01-22 12:40:04

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղէ համամիութենական երկխօսութեան ի խնդիր։


Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը չորեքշաբթի օրուայ իր հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին բաղձանք յայտնեց որ քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութիւնները աւելի աշխատանք տանին համամիութեան երկխօսութեան ի խնդիր։ Նոյնպէս հրաւիրեց որ պայքար մղուի քրիստոնեայ տարբեր եկեղեցիներու անհամաձայնութեան դէմ։ Աստուծոյ ժողովուրդը կանչուած է աշխատելու վասն ճշմարտութեան, պայքարելու տարակարծութեան դէմ եւ աշխատիլ արագացնել հաղորդութիւնը եկեղեցիներու միջեւ։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, հարկ է որ խթանէ քրիստոնեաները անկեղծ դարձի եւ հաւատքի խորացումի, ընդգծելով թէ չկայ համամիութիւն առանց իւրաքանչիւր քրիստոնեայի սրտի դարձին։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը յիշեց իր հանդիպումները քոյր եկեղեցիներու պատասխանատուներու հետ ըլլայ Վատիկանի մէջ տիեզերական պատրիարք Բարդողոմիոս Ա.ին հետ մարտին, Գարեգին Բ վեհափառին հետ մայիսին, եւ Արամ Ա վեհափառին հետ նոյեմբերին, եւ ըլլայ իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր ցաւը յայտնեց ի լուր Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք Ալեքսիս Բ-ի մահուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.