2009-01-22 12:38:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայնապետը կը մեծարէ յիշատակը կաթողիկէ ղպտիներու պատրիարք` կարտինալ Ստեփանոս Բ-ին վեր առնելով անոր եռանդն ու պարզութիւնը։


Ի լուր Եգիպտոսի կաթողիկէ ղպտիներու պատրիարք` կարտինալ Ստեփանոս Բ-ին մահուան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայնապետը մեծարեց յիշատակը եռանդուն ու միաժամանակ պարզ Աղեքսանտրիոյ պատրիարքին, որ վախճանեցաւ գահիրէ յունուար 20ին իր 89ամեակը տօնելէ մի քանի օր ետք։

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ, ուղղուած Եգիպտոսի ղպտիներու պատրիարք` գերերջանիկ Անթոնիոս Նակիպին, Սրբազան Քահանայնապետը իր ցաւը յայտնեց ողբացեալին կորուստին համար եւ իր աղօթքը բարձրացուց Բարեխնամ Տիրոջ որպէսզի իր ուրախութեան ու խաղաղութեան մէջ ընդունի Եկեղեցւոյ այս հաւատարիմ ծառան, որ երկրաւոր կեանքին ընթացքին եռանդով ու պարզութեամբ ինքզինք նուիրեց Աստուծոյ ժողովուրդին ի սպաս։ Հանգուցեալ պատրիարքը՝ Եգիպտոսի զաւակ, 1944ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ, ապա եպիսկոպոս նշանակուեցաւ Լուքսոր քաղաքին եւ 1986ին Աղեքսանտրիոյ պատրիարք ընտրուեցաւ։ 2000ին Սինայի մէջ ընդունած էր երջ. Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, անկէ մէկ տարի ետք` ան կարտինալական աստիճան ստացաւ։ Մարտ 2006ին, յառաջացած տարիքին բերումով, իր հրաժարականը ներկայացուց եւ անոր յաջորդեց գերերջանիկ Անթոնիոս Նակիպ պատրիարքը։ Կարտինալ Ստեփանոսի մահով կարտինալական դասը այժմ կը հաշուէ 189 ծիրանաւոր, որոնցմէ 116ը քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.