2009-01-22 12:50:41

Կրօնաբարոյական հարցեր

38– Ինչ որ ստացած ենք հոգեւոր աշխարհէն


Ճիշդ է որ մեր իմացականութիւնը իր ընթացքը կ՛առնէ զգայարանքներէն, սակայն ան կարող է գերազանցել զգայնական աշխարհը, հասնելով մինչեւ աներեւոյթն ու զուտ հոգեկանը. Տեսանք թէ ինչպէս մարդկային խելքը կը հասնի փաստելու ամենակարող ու բարձրագոյն Էակի մը գոյութեան գաղափարին, որմէ կախում ունի ամէն ստեղծուած արարած։ Մարդը կրնայ այդ գերագոյն Էակին հետ կապի մէջ մտնել` աղօթքով եւ մտածումով, ջանալով հասկնալ իրմէ պատճառը իր անձին ստեղծումին եւ նպատակը իր կեանքին։

Սակայն այն պատկերը որ մարդ կ՛ընէ Աստուծոյ մասին միշտ բծաւորուած է նիւթականով, որովհետեւ մենք նիւթէ եւ հոգիէ կազմուած էակներ ենք. Մեր հոգին այնքան կախում ունի նիւթէն որ ամէն ինչի մէջ կը զգացուի նիւթին ազդեցութիւնը հոգիին վրայ։ Մեր գաղափարը Աստուծոյ մասին միշտ կը մնայ մարդկային. չենք կրնար ձերբազատուիլ նիւթէն, նոյնիսկ եթէ բարձր հոգեւոր սլացքներ ունենանք։

Յաճախ զԱստուած կը պատկերացնենք որպէս մարդկային դիմագիծ ունեցող անձնաւորութիւն մը, օժտուած ձեռքերով` որպէսզի կարենայ ստեղծագործել. բարի եւ արդար ինչպէս աշխարհի ամենաբարի մարդը, մարդոց նման` օժտուած յիշողութեամբ փափաքներով, ուրախութեամբ եւ տրտմութեամբ, անցեալ եւ ապագայ ունեցող, վերը` երկնքի մէջ բնակող, եւայլն…։

Նկատի առնելու է սակայն որ մեր նիւթական ըմբռնումներն ալ տարբեր են անասուններու ըմբռնումէն, որովհետեւ անոնք ալ միշտ կը կրեն հոգեւորի հետքերը, անոնք թրծուած են մտածումով եւ տրամաբանութեամբ. Կը մօտենան անասուններու բնազդին, սակայն նաեւ զգալիօրէն կը հեռանան անկէ։

Մարդուն ճանաչողութեան կարողութիւնը հրեշտակային չէ, ոչ ալ անասնային այլ պարզապէս` մարդկային, այսինքն հոգեւոր եւ զգայնական, իրար խառնուած։

Մարդը ըստ բաւականին բարդ էակ մըն է. Որպէսզի իր անձնականութիւնը շինէ, հարկ է որ փոխ առնէ երկու տարբեր աշխարհներէ. Չի կրնար բաւականանալ միայն մէկով, այլ իր իսկ բաղադրութիւնը կը պահանջէ որ երկուքն ալ գործածէ. Անշուշտ կայ վտանգը որ մէկը գերակշռէ միւսին վրայ, որովհետեւ ամէն դռները բաց են, թէ զգայարանքները, թէ հոգւոյ կարողութիւնները. Մեզմէ իւրաքանչիւրին կ՛իյնայ գտնել հարկ եղած հաւասարակշռութիւնը ինչպէս նաեւ այս երկու տարբեր ու իրար հակառակ տարրերու ընդելուզումը մեր անձին մէջ։

Մարդս խորհուրդ մըն է – կ՛ըսէ մեծ փիլիսոփայ մը -. Ան երկու աշխարհներու սահմանին վրայ կը գտնուի, երկուքին ալ պէտք ունի բարգաւաճելու եւ դէպի առաջ երթալու համար. Երկինք եւ երկիր, ժամանակ եւ յաւիտենականութիւն կը միանան իրարու իր մէջը։

Երբ մարդուն մէջ կ՛արթննայ ինքնագիտակցութիւնը, աւելի իրազեկ կ՛ըլլայ իր անձնաւորութեան բարդութեան եւ աւելի կը սկսի փնտռել, հասնելու համար ճշմարտութեան գիտութեան։ Իսկ երբ մօտենայ Աստուծոյ ճանաչումին, աւելի լաւ կը սկսի հասկանալ իր անձը, ըմբռնել իր դերը երկրի վրայ եւ հասնիլ ինքնաճանաչումի գագաթնակէտին։

Մարդուն կեանքը կը նմանի կառոյցի մը զոր ամէն մէկ անձ պարտի բարձրացնել։ Արդ այդ կառոյցը կրնայ ըլլալ պարզ խրճիթ մը, կրնայ դառնալ նաեւ պալատ մը. Մեզնէ իւրաքանչիւրին կ՛իյնայ կատարել իր ընտրանքը եւ աշխատիլ այդ կառոյցը ապահով կերպով ու լաւագոյնս աւարտելու համար այս ամշխարհի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.