2009-01-22 12:47:41

Լուրեր հայ աշխարհէն

Գեղամ Ղարիբջանեան Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար։


Գեղամ Ղարիբջանեան որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ 19 յունուարի հրամանագիրով արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնէն ազատ կացուցուած էր, նոյն օրը Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար նշանակուած է։ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան եւ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ անոր ներդրումը եւ ունեցած փորձն ու գիտելիքները պիտի նպաստեն աշխատակազմին մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման։



Հրանդ Վարդանեան, պարգեւատրուած՝ Հայաստանի տնտեսութեան վաստակաւոր աշխատողի կոչումով։

Արդիւնաբերութեան մարզին մէջ իր երկարամեայ եւ բեղմնաւոր աշխատանքին, տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած իր անձնական ծանրակշիռ աւանդին համար, Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով մը ՜՜Կրանտ Հոլտինկ՝՝ ընկերութեան նախագահ, գործարար Հրանդ Վարդանեան պարգեւատրուած է՝ Հայաստանի տնտեսութեան վաստակաւոր աշխատողի պատուաւոր կոչումով։ Հանդիսութեան, Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Վարդանեանի մեծ ներդրումը նոր աշխատատեղերու ստեղծման գործին մէջ եւ բարձր գնահատած է անոր մնայուն ուշադրութիւնը երեխաներուն նկատմամբ։ Պարգեւատրեալը շնորհակալութիւն յայտնելով հայրենի նախագահին անոր տեղեկացուցած է իր գործարարական նախաձեռնութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։



Ատանայի մասին հին գիրք մը ֆրանսերէնի թարգմանուած

Լոյս տեսած է 1911-ին հրատարակուած եւ Ատանայի մէջ 1909-ի դէպքերուն վերաբերող անգլերէն գիրքի մը ֆրանսերէն թարգմանութիւնը։

Ֆրետերիք Զաքէուս Տիւքեթ/ֆերրիմընի ՜՜Երիտասարդ թուրքերը եւ Փոքր Ասիա գտնուող Ատանայի ողջակիզումին մասին ճշմարտութիւնը՝՝ խորագիրով գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը հրապարակուած է հոկտեմբեր 2008-ին՝ Սերքլ տԷքրի Քոքասիենի կողմէ։



Գիտութեան մարզին մէջ Հայաստան/ֆրանսա համագործակցութիւն։

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը եւ Ֆրանսայի Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնը 20 յունուարին Փարիզի մէջ ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր մը։ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան անունով համաձայնագիրը ստորագրեց Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան, ֆրանսական կողմէն՝ Ֆրանսայի Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի նախագահ Քաթրին Պրեշինեաք եւ ընդհանուր տնօրէն Առնոլտ Միկուս։ Համաձայնագիրի նպատակն է խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը գիտութեան մարզին մէջ. նախատեսուած են երկու երկիրներու գիտաշխատողներու փոխանակումներ, միացեալ գիտահետազօտական ծրագիրներու իրականացում, միացեալ գիտաժողովներու եւ սեմինարներու կազմակերպում։ Ծրագիրները պիտի գործադրուին միացեալ ֆինանսաւորումով։ Ի դէպ, Ֆրանսա Ռուսիայէն եւ Պիելոռուսիայէն ետք երրորդ երկիրն է, որուն հետ Հայաստան կը ստորագրէ նման համաձայնագիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.