2009-01-22 12:20:45

Ակնարկ Մը Դէպքերուն Միջազգային ու Ազգային Գետնի Վրայ։


Ակնարկ Մը Դէպքերուն Միջազգային ու Ազգային Գետնի Վրայ։



Օպամա իր Պաշտօնին Գլուխ...

Չորեքշաբթի, Յունուար 21ի կանուխ ժամերուն, ի պատիւ իրեն կազմակերպուած 10 հաւաքոյթներէ ետք Սպիտակ Տուն վերադարձած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր օրը սկսաւ մասնակցելով եկեղեցական արարողութեան մը։ Ան նաեւ Կուանթանամոյի մէջ պատերազմական ոճիրներով ամբաստանուած բանտարկեալներուն դատավարութիւնները սառեցնելու դիմում մը կատարեց որպէսզի կարելի ըլլայ լաւագոյնս քննել իրաւական այն հիմքերը, որոնցմով կը դատուին ամբաստանեալները։Օպամա իր հեռաձայնային առաջին խօսակցութիւնը Ապու Մազէնի հետ ըրած է։



Ըստ Նոյեան Տապան լրատու գործակալութեան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսած է, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27 յունուարին՝ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա)։Ձեռք բերուած է համաձայնութիւն, ՝՝մինչեւ Տաւոսի մէջ երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումը Նալբանդեանի հետ մեր հանդիպման մասին՝՝, ըսած է Մամետեարով։ Ըստ նախարարին, այդ հարցը նախորդ օրը հեռախօսով քննարկուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ, եւ Ազրպէյճան Հաստատած է իր մասնակցութիւնը Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումին։Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 28 Յունուարին՝ Տաւոսի մէջ։



Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ներկայացուցած է 2008-ի արտաքին քաղաքական զարգացումները, մեկնաբանելով շարք մը առաջնահերթ հարցեր։ Նախարարը հաստատած է, որ Հայաստան պիտի մասնակցի կայունութեան եւ խաղաղութեան կովկասեան ուխտին շուրջ Անգարայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին։ Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ նոյնը կը սպասէ Անգարայէն։ Ան նաեւ անգամ մը եւս նշած է, որ Հայաստան երբեք եւ ոչ մէկ պատրուակով Սփիւռքէն պիտի խնդրէ դադրեցնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՝՝Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած քայլերը՝՝։



ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ՝ ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ։

23 մարտ 2009-ին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՝՝Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ի Ցեղասպանութեան աւանդը՝՝ նիւթով միջազգային գիտաժողով մը։Գիտաժողովին կը մասնակցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայկական եւ մերձաւոր արեւելեան պատմութեան դասախօս Ռիչըրտ Կ. Յովհաննիսեան, Շուէտական ազգային պաշտպանութեան քոլեճի միջազգային օրէնքի դասախօս Օվէ Պրինկ, Սթոքհոլմի Սոտերթոն համալսարանի պատմութեան դասախօս Տէյվիտ Կոնթ, Լունտ համալսարանի պատմութեան դասախօս Քլաս-Կորան Քարլսըն, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Լորան Լէյլեքեան, ՝՝Լիվին Հիսթըրի Ֆորում՝՝ ծրագիրի վարիչ Սթեֆան Անտըրսըն։



Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ խաղաղութիւնը հաստատած, ծագումով լիբանանցի Ճորճ Միչըլը պիտի նշանակէ իբրեւ Միջին Արեւելքի իր պատուիրակը, որպէսզի Միչըլ անմիջական կերպով զբաղի պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապով։

75-ամեայ Միչըլ ծանօթ է Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ խաղաղութեան հաստատման իր ջանքերով։ 2001-ին պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն մասին Միչըլի պատրաստած մէկ տեղեկագիրը Իսրայէլի կոչ կ՝ուղղէր՝ կասեցնելու նոր բնակեցման վայրերու կառուցումը եւ դադրելու անզէն ցուցարարներու վրայ կրակ բանալէ, իսկ պաղեստինցիներուն՝ յարձակումները կանխարգիլելու եւ պատժելու զանոնքգործողները։ Ըստ մեր տեղեկութեանց Միչըլի մայրը լիբանանցի է, իսկ հայրը՝ իրլանտացի, որ որբ մնալէ ետք լիբանանցի ընտանիքի մը կողմէ որդեգրուած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.