2009-01-21 13:09:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 21 յունուար 2009 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։ Սրբազան Հայրը այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Կը գտնուինք քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան մէջ, ձեզ կը հրաւիրեմ որ միանաք Յիսուսի կատարած աղօթքին ուղղուած Հօր Աստուծոյ իր չարչարանքներու նախորդ օրը։ Այս տարի Եզեկիէլ մարգարէին խօսքերը` ՜՜Մեզ մէկ դարձուր քու ձեռքերուդ մէջ՝՝ կ՛ուղղեմ որպէս մեր մտածականը։ Այս անցքը կը վերակոչէ Յուդայի եւ Իսրայէլի երկու թագաւորութիւնները, որ Տէրը կ՛ուզէ մօտեցնել, որպէսզի մէկ դառնան։ Մարգարէն կը յայտնէ որ միութիւնը ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է։

Սակայն Եզէկիէլ մարգարէին վերոյիշեալ անցքը նաեւ կը յայտնէ միութեան հասնելու այլ երեւոյթ մը։ Անոնք պէտք է որ հնազանդին իմ վճիռներուս, հաւատարմօրէն պահեն պատուերներս, եւ ես անոնց հետ պիտի եզրափակեմ խաղաղութեան ուխտ մը։ Հետեւաբար, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, իւրաքանչիւրիս սրտի դարձով, հոգեկան վերանորոգումով, հրաժարումով ու սիրոյ միութեամբ է որ կը հասուննան միութեան իղձերը ։

Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ կ՛ուզեմ եզրափակել այսօրուան խորհրդածութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ անցեալ տարուայ բոլոր այն հանդիպումներուն համար որ ունեցայ Հռոմ եւ առաքելական ճամբորդութիւններուս ընթացքին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Պօղոսեան տարւոյն ընթացքին բոլորս իւրացնենք Հեթանոսներու Առաքեալի մեծ եռանդը, մեր սրտին ու մտքին մէջ աճեցնելու բաղձանքը ՝ Յիսուսը խորապէս ճանչնալու ու սիրելու, եւ աշխատելու՝ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմնի միութեան: Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, որպէսզի իրմէ ստանաք լոյս եւ քաջութիւն։ Նորին սրբութիւնը ապա յիշեցուց թէ այսօր լատին եկեղեցին կը յիշատակէ սրբուհի Ագնէսի տօնը կոյս եւ նահատակ։ Ան հակառակ փոքր տարիքին արիութեամբ դիմագրաւեց մահը Յիսուսի սիրոյն համար, մաղթանքս է (եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ) որ իրեն պէս նոյն զգացումը ունենաք Քրիստոսի հանդէպ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.