2009-01-21 13:40:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի շնորհաւորագիրը ԱՄՆի նոր նախագահ Օպամային։ ՜՜Գործել ազգերու միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար՝՝։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը շնորհաւորագիր մը յղեց ԱՄՆի նոր նախագահ Պարաք Օպամային` նախագահական Երդման արարողութեան առիթով, քաջալերելով զինք աշխատելու ազգերու միջեւ հասկացողութեան, համագործակցութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նաեւ կ՛անդրադառնայ ԱՄՆի քաղաքական ու եկեղեցական մեծ ժառանգութեան։ Նորին սրբութիւնը ԱՄՆի 44-րդ նախագահին կ՛երաշխաւորէ իր աղօթքը. որպէսզի (կը կարդանք շնորհաւորագրին մէջ) Ամենակալը ձեզի շնորհէ իմաստութիւն եւ զօրութիւն լաւագոյնս գործածելու ձեզի վստահուած նոր պաշտօնը։ Երբ աշխարհի տարածքին՝ մեր բիւրաւոր եղբայրներն ու քոյրերը կը ձգտին ձերբազատուելու թշուառութենէն ու բռնութիւններէն, աղօթքս է որ դուք աշխատիք ազգերու միջեւ հասկացողութեան, համագործակցութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։ Նորին Սրբութիւնը իր շնորհաւորագիրը կ՛եզրափակէ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը նախագահին, անոր ընտանիքին ու Ամերիկայի ժողովուրդին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.