2009-01-21 14:06:43

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հրանդ Տինքի գիրքի հայէրէն լոյս ընծայումը։


Ակօս շաբաթաթերթի սպաննուած նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի ՜՜Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու դրացի՝՝ վերնագիրով գիրքը յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ հայերէնով։ Այս գիրքը լոյս տեսած էր թրքերէնով 2008-ին՝ խմբագիրի ողբերգական մահէն մօտ 1,5 տարի ետք։

Գիրքը հեղինակին անձնական կարծիքն է, պատկերացումը եւ մտորումները հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Հրանդ Տինք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ընդհանուր ապագան կառուցելու եւ անցեալը վերանորոգելու բոլորովին նոր մօտեցում։ Հեղինակը այդ յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակը կը բացատրէ՝ վերյիշելով պատմական անցեալը, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի հոգեխեղումի ու թուրքերու մտագարութեան պատճառները եւ կը փորձէ հաշտեցման եզրեր գտնել երկու ժողովուրդներուն ու երկու պետութիւններու միջեւ։ Տինք կը քննադատէ թրքական իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ՝ նշելով, որ թուրք երիտասարդ ուղեղները նպատակաուղղուած ձեւով կը սնուցուին պատմութեան խեղաթիւրումով։

Ըստ հեղինակին, ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործումէն աւելի, կարեւոր է այդ երեւոյթին գիտակցումը։ Ան կը քննադատէ բոլոր այն պետութիւններն ու կառոյցները, որոնք տուրք կու տան պատեհապաշտութեան՝ իրենց քաղաքական եւ ռազմավարական նպատակներուն համար շահարկելով Հայոց ցեղասպանութեան հարցը։ Նշելով, որ հայկական հարցին քննարկման ասպարէզը ոչ թէ երրորդ երկիրներու խորհրդարանները պէտք է ըլլան, այլ՝ իրադարձութիւններու հիմնական կողմերը, այսինքն՝ հայերն ու թուրքերը, Տինք, միեւնոյն ժամանակ, կը մատնանշէ, թէ ո՛ւր կարելի է գտնել յարաբերութիւններու վերականգնման բանալին։ Բաւարար է միայն, որ երկխօսութիւն ծաւալի, որուն այլընտրանք չկայ ըսած էր ան։

Հրանդ Տինք նաեւ՝ ողջունելի կը նկատէ հայկական կողմին քայլերը՝ միտուած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու, միեւնոյն ժամանակ կը քննադատէ թրքական կողմը՝ մեկնուած ձեռքը չսեղմելու եւ պատեհ առիթը կորսնցնելու համար։ Միւս կողմէ, Փանարմինիըն նեթի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին ՜՜1,500,000 + 1 հասարակական կազմակերպութեան՝՝ ղեկավար Արման Աւետիսեան ըսած է, թէ Պոլսոյ Ակօս թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան երկրորդ տարելիցին առիթով կազմակերպութիւնը քայլարշաւ մը պիտի կազմակերպէ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։

Քանի որ Հրանդ Տինք ծնունդով Մալաթիայէն էր, քայլարշաւին մասնակիցները պիտի հաւաքուին 20-րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա վիլայէթին մէջ զոհուածներու յիշատակին նուիրուած քարակոթողին մօտ։ Քայլարշաւին մասնակցելու համար Հայաստան պիտի ժամանեն քանի մը արտասահմանեան երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներ, ըսած է Արման Աւետիսեան՝ աւելցնելով, որ այդ ցոյցը քաղաքական նպատակներ չի հետապնդեր։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.