2009-01-19 13:36:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 19 յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Պանիասքօ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին,

ապա ֆինլանտական համամիութենական մէկ պատուիրակութիւնը, թիւով 14 հոգի, սուրբ Հենրիկոսի տօնին առթիւ։

Ուրբաթ 23 յունուարին Սրբազան Քահայանապետը պիտի ընդունի Իրագի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն



Շաբաթ 17 յունուարին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկար կեանք մաղթած է 85-ամեայ քահանայ եղբօր։

Հայր Գէորկէ Ռացինկերի 85ամեակին առթիւ վատիկանի Սիքստեան մարտան մէջ համերգ մը տրուեցաւ ներկայութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Համերգին աւարտին Սրբազան Պապը իր քահանայ եղբօր մաղթեց երկար կեանք մը,մարդոց ի սպաս։ Մոցարթի համերգը որ անսացինք , ըսան Սրբզ. Պապը, գոհաբանութիւն մըն է ուղղուած Աստուծոյ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ճանչցաւ գործած հրաշքները` ապագայ 5 երանելիներու՝ երկու սպանացի, մէկ իտալացի, մէկ մալակաշ եւ մէկ գերմանացի։

Շաբաթ օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արտօնեց սուրբերու դատի ժողովին հրապարակելու ապագայ հինգ երանելիներու գործած հրաշքները, ինչպէս նաեւ ճանչցաւ հերոսական առաքինութիւնները Աստուծոյ 5 ծառաներու։ Այդ ճանաչումով սկիզբ կ՝առնէ Աստուծոյ 5 ծառաներու երանացման դատին առաջին հանգրուանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.