2009-01-19 12:47:48

կնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ մը՝Գաղութային Լուրերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ մը՝Գաղութային Լուրերուն։



Այսօր 19 Յունուար Հրանդ Տինքի Սպանութեան 2-րդ Տարելիցի առթիւ,Պոլսոյ մէջ տեղի կ՝ունենան ամբողջ օր տարբեր հանգրուաններով յիշատակումի զանազան արարողութիւններ մասնկացութեամբը ու կազմակերպութեամբ թուրք մտաւորականներու ու արուեստագէտներու որու իրենց մասնացկութիւնը կը բերէՊոլսահայ Համայնքը։ Հռոմի մէջ Հրանդը պիտի յիշատակուի 23 Յունուարին Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մէջ ուր պիտի կատարուի Հրանդ Տինքի անուան հաստատուած մրցանակի տուչութիւնը՝Իտալացի լրագրողրներուն որոնք Իտալիոյ մէջ շատ մօտէն կը հետաքրքրուին Հայկական հարցով։



Իսրայէլի կողմէ միակողմանի զինադադարի յայտարարութենէն ետք, Համաս իր կարգին երէկ մէկ շաբթուան զինադուլ մը յայտարարեց, մինչ բժշկական խմբակներ կաշխատին փլատակներու տակէն դիակներ դուրս բերելով։

Մինչ այդ, Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ քաղաքին մէջ կայացած միջազգային վեհաժողովի ընթացքին եւրոպացի ղեկավարներ Իսրայէլի կոչ ուղղեցին հեռանալու պաղեստինեան հողամասերէն իսկ Համասի-ն՝ հրթիռ արձակելէ դադրելու։ Իտալիոյ վարչապետը Պէրլուսքոնի առաջարկեց անցքերու հսկողութիւնը ապահովելու համար յանձնառու ընել Գարապինէրէները( իտալացի զինուորներ ոստիկանական պարտականութիւներով)։



Ամերիկահայ քաղաքային, կրօնական, բարեսիրական եւ կրթական կազմակերպութիւններ, իր նախագահական երդման արարողութեան առիթով Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամային շնորհաւորական նամակ մը ուղարկեցին եւ ներկայացուցին Օպամա-Պայտըն վարչակազմէն ամերիկահայ համայնքի ակնկալիքները։ ՝՝Ինչպէս, բազմաթիւ առիթներով դուք յայտարարած էք, Ամերիկա արժանի է ղեկավարի մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը կը խօսի եւ ուժեղ կերպով կը հակազդէ բոլոր ցեղասպանութիւններուն։ Ձեր խոստումին յստակութիւնը ողջունելի է՝ ի տես Թուրքիոյ ճնշումին տակ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուղղակի կերպով ճանչնալու փոխարէն խուսափողական եւ մեղմ եզրերու օգտագործման։ Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները նամակին մէջ կը շեշտեն նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութեան հարցերու կարեւորութիւնը ,ներկայացնելով այդ հարցերուն վերաբերեալ նորընտիր նախագահէն իրենց ակնկալիքները։Միւս կողմէ Պարաք

Օպամայի յաղթանակը կը դիտուի իբրեւ պատմական իրադարձութիւն, որ աւարտի մը կը հասցնէ սեւամորթներուն ազատութիւն շնորհող Ապրահամ Լինքըլնի քայլով սկսած եւ Մարթին Լութըր Քինկի պայքարով ու մահուամբ նուիրագործուած երթը, այլ խօսքով, Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ կը բացուի նոր էջ մը, ուր ցեղային խտրականութեան տրամաբանութիւնը, բացի մասնակի յապաղումներէ , կը նետուի պատմութեան զամբիւղը։

Ընտրապայքարի առաջին օրերէն սկսեալ, ու մանաւանդ վերջին մրցավազքի օրերուն, ՝՝ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՅՈ, ԿԱՐՈՂ ԵՆՔ՝՝ նշանախօսքերով՝ Օպամա իր անձին ու ծրագիրներուն շուրջ ստեղծեց մեծ հմայք մը եւ վստահութեան ալիք մը, որ հազուադէպ էր նման ընտրապայքարներու մէջ։



Արդէն հրապարակաւ յայտնի են Փետրուար 8ին Լոս Անճելըսի մէջ կատարուելիք Կրէմի (Grammy Award) երաժշտական մրցանակաբաշխութեան մասնակիցներուն անունները։Svobodanews ru. կայքը կը փոխանցէ, թէ Լաւագոյն ձայնային կատարումներ անուանակարգին վրայ է հայ մեծանուն երաժիշտ Կոմիտասը, որուն երգերը պիտի կատարէ քանատահայ երգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան՝ Հայաստանի ֆիլհարմոնի նուագախումբին ընկերակցութեամբ։



Ռումանիոյ հանրային պատկերասփիւռի առաջին կայանով, Յունուար 8ին ցուցադրուած է Իտալացի Թաւիանի եղբայրներու ՝՝Արտոյտներու Ագարակը՝՝ ֆիլմը, որմէ առաջ տեղեկութիւններ հաղորդուած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ֆիլմի հեղինակներուն մասին։Ռումանիոյ մէջ նկատելի է Անթոնիա Արսլանի հեղինակած ՝՝Արտոյտներու Աագրակը՝՝ վէպին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն։ 2008ի վերջերերուն, Ռումանիոյ Թրանսիլվանիա շրջանի Մուրեշ քաղաքին մէջ գիրքը թարգմանուած է հունգարերէն լեզուի ու հրատարակուած։ Իսկ Կլուժ Նափոքա քաղաքին մէջ կայացած է անոր շնորհահանդէսը՝ հեղինակին մասնակցութեամբ։Մինչ այդ , պատրաստութեան մէջ է վէպի ռումաներէն հրատարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.