2009-01-19 13:48:06

Լուրեր հայ աշխարհէն


Տեղեկատուական Ազատութեան Ի Խնդիր ՜՜Հրանդ Տինք՝՝ Մրցանակը՝ Իտալացի Լրագրողներու:

Ուրբաթ՝ 23 Յունուար 2009-ին, ժամը 17.30-ին, Հռոմի Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի շքեղ հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին հայազգի լրագրող Պոլիս լոյս տեսնող Ակօս երկլեզու շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ պատասխանատու տնօրէն՝ Հրանդ Տինքի անուան հաստատուած՝ մրցանակի տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ հայկական հարցով հետաքրքրուող իտալացի լրագրողներուն ։

Մրցանակի տուչութեան երեկոյթը ունի որպէս նպատակ, արժեւորել գործերը այն լրագրողներուն՝ որոնք կը շարունակեն անդրադառնալ հայկական հարցին դիմագրաւելով այս փշոտ հարցը.

՜՜Հրանդ Տինք՝՝ մրցանակը Տեղեկատուութեան Ազատութեան ի խնդիր մրցանակ մըն է, միաժամանակ պարգեւատրում՝ մտաւորական քաջութեան եւ ուղղամտութեան որ կը զգենու Հրանդ Տինք եւ իրեն նման այլ մեծարժէք դէմքեր, ինչպէս Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Բամուքն ու այլ բազմաթիւ գրողները, լրագրողներն ու ակադեմականները որոնք անվարան ու անդադար կը գործեն Խօսքի ազատութեան ի խնդիր։

Անցեալ տարի, 19 յունուար 2008-ին գործակցութեամբ ՜՜Առանց սահմանի լրագրողներ՝՝ ընկերակցութեան՝ նշուեցաւ ողբացեալ հայազգի լրագրող՝ Հրանդ Տինքի մահուան Ա. տարելիցը որուն ընթացքին մրցանակը տրուեցաւ երկու իտալացի լրագրողներու, մին՝ Իտալական պետական հեռուստակայանի լրագրող Roberto Olla-ին, իսկ երկրորդը La Stampa օրաթերթի լրագրողներ Flavia Amabile եւ Marco Tosatti-ին։

Իսկ այս տարի մրցանակին կ՝արժանանան լրագրողներ՝ Radio RAI-էն Patrizia Alberici եւ Libero թերթ էն ՝ Caterina Maniaci։ Այս առթիւ նաեւ պիտի ներկայացուի ՜՜Գառնուկի Արիւնը՝՝ վերնագրով հատորը. ներկայութեամբ՝ հեղինակին, Tempi շաբաթաթերթի թղթակից Rodolfo Casadei-ին. որ անձամբ գացած ու զրոյցներ ունեցած է Միջին Արեւելքի եւ թուրքիոյ քրիստոնեաներուն հետ, գրի առնելով՝ անոնց արտայայտութիւնները՝ իրենց կրած հարստահարումներուն մասին։

Յիշատակի հանդիպումը կը հովանաւորէ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութիւնը եւ Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի տեսչութիւնը գործակցութեամբ՝ ՜՜Guerrini e Associati ՝՝ հրատարակչատան։





Ղարաբաղ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, անցեալ շաբաթավերջին Արցախի պետական համալսարանին մէջ պատասխանելով ուսանողներու հարցումներուն, ներկայացուցած է իր դիրքորոշումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման գծով։ Ան ըսած է. ՜՜Մենք պիտի շարունակենք այն ճամբան, որ ընտրուած է մեր ժողովուրդին կողմէ։ Ի հարկէ, կայ դիւանագիտական աշխատանք եւ կայ մէկ ձեւաչափ բանակցային գործընթացին մէջ, որ, ի հարկէ, չի կրնար նպաստել, որ այս ձեւաչափին մէջ ընթացող գործընթացները յանգին որեւէ տրամաբանական աւարտի, պարզ պատճառով մը, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի մասնակցիր այդ բանակցութիւններուն՝՝։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը. շեշտած է , որ ՜՜ամէն անգամ առիթը կօգտագործէ՝ խօսելու համար բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան մասին՝՝։





Հայ Երաժշտական Տեսաերիզներ երկու մրցանակներու արժանացած

Հայազգի բեմադրիչ Արա Սուճեանի գործերը Երաժշտական տեսարիզներու արտադրութեանց միութեան կազմակերպած տարեկան 17րդ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, արժանացած է երկու մրցանակներու։ Անոր առաջին մրցանակը տրուած է Սերժ Թանքեան նորագոյն գործէն Մանի երգին տեսաերիզին պատրաստութեան համար, իսկ երկրորդը՝ Հիփ-հափ մարզին մէջ, Ուիզ Խալիֆային Սէյ եէ երգին տեսաերիզին համար։ Նոյն մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Թոնի Պետրոսեան եւս մրցանակ մը շահած է, դարձեալ Սերժ Թանքեանի նորագոյն ստեղծագործութենէն Էմփթի ուոլզ երգին տեսաերիզին պատրաստութեան համար։

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու Եռագոյն ֆոնտը։

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ուրբաթ, 16 յունուար 2009-ին, Համազգայինի Լ Շանթ մշակութային կեդրոնի Արմէնեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու Եռագոյն ֆոնտի ստեղծման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու, ծնողներու ու ժողովրդային բազմութեան։ Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լ Շանթ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, ան նշեց, թէ գեղարուեստի դպրոցներու գոյատեւումը կը կարօտի կազմակերպուած աշխատանքի, համազգայնական ոգիի, մասնագէտ արուեստագէտներու եւ նիւթական միջոցներու։ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու Եռագոյն ֆոնտի ստեղծումը լաւագոյն շարժառիթն է յաւելեալ նեցուկ ապահովելու գեղարուեստի չորս դպրոցներուն, որպէսզի անոնք յաւելեալ թափով շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Եռագոյն ֆոնտը մշակոյթի ճամբով Եռագոյնին համար ծառացող համեստ քայլ մըն է, որ իրողապէս իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ գեղարուեստի դպրոցներու նոր ձեռքբերումներուն մէջ։ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, եւս խօսք առնելով ըսաւ. ՜՜ներկայիս Համազգայինի երկու կեդրոնները կը յաճախեն աւելի քան 800 հայ պատանի-պարմանուհիներ, որոնք իրենց դպրոցէն կամ ազատ ասպարէզէն ետք կը հետեւին հայ երգի, երաժշտութեան, թատրոնի, կերպարուեստի եւ պարի։ Ան նշեց թէ՝ Համազգայինի դժուարութիւնները շատ են, սակայն անոնք օրէ-օր կը յաղթահարուին, երբ բարերարները մեր նիւթական մտահոգութիւնները ստանձնելով զօրավիգ կը կանգնին մեր նախաձեռնութիւններուն։ Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի աշակերտներն ու ջութակներու եւ կիթառներու համոյթները։ Իսկ Արեգ թատերական դպրոցը ասմունքով եւ կենդանի պատկերով ներկայացուց հայութեան կամքն ու գոյատեւելու երաշխիքը։ Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գեղամ եպս Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ լիբանանահայութեան ազգային նկարագիրի կերտման մէջ Համազգայինը ունեցած է եւ ունի մեծ դերակատարութիւն։ Ի դէպ ֆոնտին հիմնադիրը իր անունը չի յայտարարեր, ան կը նկատէ, թէ հայկականութիւն խորհրդանշող Եռագոյնին անուանումը ամբողջական տուեալ մըն է, ըսաւ Գեղամ եպս. աւելցնելով, որ բարերարին անունը չյայտարարելը նոյնինքն Ֆոնտին կու տայ յաւելեալ խորհուրդ։ Համազգայինի մեծ ընտանիքը (եզրափակեց Գեղամ եպս) Հայկական է, պատուական է կարգախօսը ապրեցնող ու այդ հոսանքին թափ տուող հիմնական կառոյցներէն մէկը կը մնայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.