2009-01-18 14:33:38

Վերջ գտաւ Ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումը Մեքսիքօ մայրաքաղաքին մէջ


Հանդիպումին մասնակցեցան աւելի քան 10.000 հոգիներ, եկած՝ երկրագունդի հինգ ցամաքամասերէն։ Սպանիոյ՝ Վալենսիա քաղաքի հանդիպումէն երեք տարի վերջ աստուածաբանական-հովուական գիտաժողովը, տեղի ունեցաւ Մեքսիքոյի մայրաքաղաքը, որու ընթացքին տեղի ունեցան հանդիպումներ, վկայութիւններ եւ տօնախմբութիւններ Կուատելուբէ տաճարին հրապարակը։

2009ի Ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումին բնաբանն էր . ընտանիքը, դաստիարակիչ մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու։ Հանդիպումին պատասխանատուն կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի` նախագահը Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի իսկ Կարտինալ Պերթոնէ` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը, գլխաւորեց հանդիպումը յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

Համաշխարհային այս հաւաքին ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը աշխարհատեսիլի միջոցաւ պատգամ ուղղեց մասնակցողներուն։

Ընտանիքի համաշխարհային Զ. հանդիպումը կը հետապնդէ եւ կը շեշտէ ընտանիքի դաստիարակիչ առաքելութեան վրայ ընդգծելով արժէքներու կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Երկուշաբթի՝ 19 Յունուարին կարտինալը պիտի մեկնի Քերեդարօ քաղաքը, ուր հանդիպում պիտի ունենայ մշակոյթի եւ լուսաւորութեան աշխարհի հետ եւ պիտի դասախօսէ. բանականութեան իրականացումը հաւատքի հորիզոնով, նիւթին մասին։ Նոյն օրը յետմիջօրէին Վատիկանի պետական Քարտուղարը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ թեմի դպրեվանքի ժառանգաւորներուն։

Յայտնենք թէ ընտանիքներու համաշխարհային Զ. հանդիպումը ունեցաւ երեք հանգրուաններ. առաջին՝ հովուական-աստուածաբանական գիտաժողով` չորեքշաբթի օրէն մինչեւ ուրբաթ օրը, եկրորդ`շաբաթ օրը, աշխարհի ընտանիքներու տօնական հանդիպում։ Իսկ երրորդ` կիրակի օրը, քահանայապետական պատուիրակը կարտինալ Պերթոնէ հանդիսաւոր պատարագով փակումը կատարեցէ ընտանիքի համաշխարհային Զ. հանդիպումին։

Յայտնենք թէ ընտանիքի համաշախարհային հանդիպումը բարեպատեհ առիթ մը եղաւ քննարկելու այս ՜՜հիմնական հաստատութեան դերին՝՝ մասին ընկերութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.