2009-01-17 11:13:34

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը յունուար 18-25.

՜՜Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան քու ձեռքերուդ մէջ՜՜։


Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի աւանդական շաբաթը աշխարհի համայն ժողովրդապետութիւններու մէջ տեղաշարժի մէջ կը դնէ հաւատացեալները։ Այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բնաբան է Եզեկիէլ մարգարէէն ներշնչուած սա խօսքը. Որպէսզի ամէնքը միացած մնան քու ձեռքերուդ մէջ։

Եզեկիէլ եղաւ Իսրայէլի առաջին մարգարէն որ ղրկուեցաւ իր երկրէն դուրս։ Ան Պապիլոնիա աքսորուեցաւ։ Մարգարէն փորձեց հրեաներուն յիշեցնել իրենց բարոյական պատասխանատուութիւնը ՜՜Միջագետք աքսորին ու Երուսաղէմի կործանումին՝՝, որպէս հետեւանք իրենց անհաւատարմութեան Աստուծոյ Ուխտին։

Այս առթիւ, աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են աղօթելու որպէսզի միացած ըլլան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։

2009ի խորհրդածութեան նիւթը պատրաստեց Քորէայի քրիստոնեայ խառն յանձանախումբը։ Ասիական այդ հողամասին վրայ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզուեցաւ անմիաբան եկեղեցականներէն, ծնունդ տալով բաժանեալ եկեղեցիներու։ Այսօր եւս քրիստոնեաներու բաժանումը հաւատքի հիմնական հարցերու շուրջ աշխարհի համար վկայութենէ աւելի գայթակղութիւն մըն է։

Քորէայի եկեղեցիները ներշնչուեցան Եզիէքել մարգարէէն, որ իրենց նման, ապրեցաւ ողբերգականօրէն բաժնուած երկրի մը մէջ եւ աշխատեցաւ իր ժողովուրդին միութեան ի խնդիր։ Մարգարէն կ՛արձանագրէ Իսրայէլի ցեղերու անունները փայտէ երկու կտորներու վրայ որ Աստուծոյ ձեռքին մէջ մէկ կը դառնան։ Քրիստոնեաները այսօր այդ նոյն յոյսով կ՛ապրին։ Այն ինչ որ մարդ էակը անկարող է կատարել, զայն կարող է կատարել Աստուծոյ զօրութիւնը ։ բաժանումին` կրնայ յաջորդել միութիւն, անտարբերութեան եւ ատելութեան փոխարէն` կարող է հաստատուիլ կենդանարար սէրը։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը ընդհանրապէս կը կատարուի յունուար 18-25։ Աղօթքի այս շաբաթուան ընթացքին անթիւ անհամար քրիստոնեաներ տեղաշարժումի մէջ կը մտնեն աշխարհի զանազան ժողովրդապետութիւններու մէջ։ Այդ առթիւ զանազան յարանուանութիւններու պատկան քրիստոնեաները միատեղ կը համախմբուին միասնաբար աղօթելու, եւ կը մասնակցին համամիութենական յատուկ արարողութիւններու, որ նախապէս պատրաստուած են կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներու խառն յանձանախումբի կողմէ։ Այս տարի, աղօթքի շաբաթուան համար, Քորէայի կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներու խառն յանձնախումբը ընտրած է որպէս խորհրդածութեան մէկնակէտ ՜՜Եզիէքելի գիրքէն գլուխ 37, 15-28 համարները, որ կը վերակոչեն փայտէ երկու կտորներ, որոնք կը խորհրդանշեն երկու թագաւորութիւնները բխած Իսրայէլի բաժանումէն։ Քորէայի եկեղեցական խառն յանձանախումբի գնահատումով Եզիէքելի այդ անցքը կը ցոլացնէ Քորէայի բաժանումը եւ քրիստոնէութեան բաժանումը։










All the contents on this site are copyrighted ©.