2009-01-17 11:09:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճառը Իրանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ եկած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։


Իրանի չորս եպիսկոպոսներուն հետ անահատաբար տեսակցելէ ետք, Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ ողջունեց Հայ, Գաղտիացի եւ Լատին թեմական եպիսկոպոսները։ Դուք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը ներկայացնէք կաթողիկէ եկեղեցւոյ միութիւնը իր զանազանութեան մէջ, եւ ամէն օր քրիստոնէական հաւատքի վկայութիւն կու տաք Իրանի իսլամական հանրապետութեան մէջ։ Այս առիթէն կ՛օգտուիմ ողջունելու Իրանի ժողովուրդը, որ կամուրջ մը կը հանդիսանայ Միջին Արեւելքի եւ ենթացամաքային Ասիայի միջեւ, ամէնքդ կը հրաւիրեմ աշխատելու հաւաքականութեան բարիքին ու ազգերու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդումին համար։ Ուրախ եմ որ կաթողիկէ եկեղեցին ՜՜Գարիթաս՝՝ բարեսիրական մարմնին միջոցաւ սատար կը հանդիսանայ տարեցներուն ու կարօտեալներուն. ձեր միջոցաւ կ՛ողջունեմ քահանաները եւ հաւատացեալները հրաւիրելով զանոնք որ կարչած մնան իրենց պապենական հողին եւ սատարեն երկրին բարգաւաճումին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց զանոնք որ մշակութային ու եղբայրօգնութեան երկխօսութիւն հաստատեն բազմադարեան Իրանի հետ։ Այդ կատարելու համար, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., հարկ է աշխատիլ քահանայական կոչումներու ծաղկումին համար։ Հուսկ նորին սրբութիւնը շօշափեց քրիստոնեայ իրանցիներու գաղթին հարցը։ Քաջալերեց եպիսկոպոսները որ միշտ կապ պահեն այդ գաղթականներու հետ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին չմոռնան իրենց ինքնութիւնն ու պատմութիւնը։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով խնդրեց եպիսկոպոսներէն որ Քահանայապետին սէրն ու գնահատանքը, աղօթքն ու մօտիկութիւնը յայտնեն բոլոր կղերին ու հաւատացեալներուն։ Թող Ս. Կոյս Մարիամը իր մայրական գթութեամբ ընկերանայ իրանի քրիստոնեայ հասարակութեան տալով բոլորին յատուկ օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ Իրանի բնակչութեան 98 տոկոսը մահմետական է, մեծամասնութեամբ շիիթ։ Քրիստոնեաները կը ներկայացնեն երկրին 0,2 առ հարիւրը մեծամասնութեամբ ուղղափառ։ Կաթողիկէ հասարակութիւնը կը ներկայացնէ 10-20 հազար հաւատացեալ, որոնք կը պատկանին գաղտիացի, հայ եւ լատին ծէսերուն։

Ս. Աթոռը եւ Իրանի մահմետական հանրապետութիւնը դիւանագիտական կապեր հասատած են 2 մայիս 1953 էն ի վեր։ 11 Մարտ 1999ին Իրանի այդ ժամանակի նախագահը Մոհամմատ Խաթամի Վատիկան այցելած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.