2009-01-17 11:25:25

Զանազան Լուրեր - Հրանդ Տինքի Եւ Հայկական Հարցին Նուիրուած Գիտաժողովներ՝ Թուրքիոյ Մէջ ։


Յունուար 16ին, Վոսփորի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք ազգայնամոլներու կողմէ սպաննուած Հրանդ Տինքի նուիրուած տարեկան երկրորդ Գիտաժողովը ՝՝ մարդկային իրաւանց ու արտայայտուելու ազատութեան հարցերուն՝՝ մասին։

Գիտաժողովին գլխաւոր խօսնակն էր Մարդկային Իրաւանց բրիտանական Հիմնարկի տնօրէն Սըր Ճէֆրի Պինտմէն, որ ելոյթ ունեցաւ ՝՝արտայայտուելու ազատութեան՝՝ մասին։ Սըր Պինտմէն մարդկային իրաւանց մարզին մէջ միջազգային շարք մը մրցանակներ ստացած է եւ պետական շարք մը մարմիններու մաս կազմած է։ Պոլսոյ ՝՝Մարմարա՝՝ օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ (նոյն օրը) Կեսարիոյ ՝՝Էրճիյէս՝՝ համալսարանը դարձեալ Հայկական Հ արցին շուրջ կը ազմակերպէր Գիտաժողով մը՝ Սապանճը կեդրոնին մէջ։ Համալսարանի տեսուչի տեղակալ փրոֆ. Մէթին Հիւլակու յայտնած, թէ այս աշխատաժողովի ընթացքին ելոյթներ ունեցած են պատմաբան-հրապարակագիր Լեւոն Փանոս Տապաղեան եւ իրաւագէտ Գեղամ Կարապետեան։ Տապաղեան խօսած է՝՝Հայկական հարցի մեր օրերու ցոլացումը՝՝ թեմային, իսկ Կարապետեան՝ ՝՝Պատմութեան մէջ թուրք-հայ բարեկամութիւնը՝՝ թեմայի մասին ։ Ելոյթներ ունեցած են նաեւ տոքթ. Նուրշէն Մազըճը (Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումին իրաւական հիմքերը), Անգարայի համալսարանէն փրոֆ. Անըլ Չէչէն (Մեծն Հայաստանի ծրագիրը), Աթաթիւրք համալսարանէն՝ Էրօլ Քիւրքճիւօղլու (Կովկասեան հաւասարակշռութեան մէջ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները), դեսպան Ճանտան Ազէր (Անկախութեան յաջորդող շրջանին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները) եւ դեսպան Էօմէր Լիւթէմ (Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու այսօրուան վիճակը նիւթի մասին ։ Փրոֆ. Մէթին Հիւլակու յիշեցուցած է որ 2006ին ՝՝Էրճիյէս՝՝ համալսարանը կազմակերպած էր ՝՝Օսմանեան Շրջանին հայերու ու թուրքերու միասնութեան՝՝ թեմայով Գիտաժողով մը, իսկ անցեալ տարի՝ ՝՝19րդ դարուն հայ ազգայնապաշտութեան զարթնումը եւ մեծ պետութիւններու քաղաքականութիւնները՝՝ թեմային շուրջ հաւաք մը տեղի ունեցած էր։



Զուիցերիոյ Ֆրայպուրկ Համալսարանի Մրցանակը Կը Շնորհուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։

Պոլսոյ Գումգաբու կոչուած թաղը գտնուող Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ, ապա ՝՝Պէզճեան՝՝ սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններով, , Յունուար 12ին , (2009) կատարուեցաւ Զուիցերիոյ Ֆրայպուրկ համալսարանի կողմէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շնորհուած ՝՝Սուրբ Նիկողայոսի Արծաթեայ Վարդ՝՝ մրցանակին տուչութիւնը։

Պատրիարք Հօր ներկայ չգտնուելուն պատճառով, մրցանակը յանձնուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Շահան Սրբազանին։Արարողութեան ներկայ էին Յունաց Պարթողոմէոս Պատրիարքը եւ միւս յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրայպուրկ համալսարանի ներկայացուցիչները։Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր հոգեւոր երգեցողութիւն կատարեց ՝՝Վարդանանց՝՝ երչգախումբը։ Հայերէնով կարճ ելոյթներ ունեցան նախ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւորի փոխանորդ Գէորգ Արք. Խազումեան,ապա Ասորիներու առաջնորդ Չէթին Սրբազան եւ այլ հոգեւորականներ։Այնուհտեւ կատարուեցաւ մրցանակի տուչութիւնը, որուն ընթացքին միասնաբար Ս. Խորան բարձրացան Ֆրայպուրկ համալսարանի վերատեսուչ Կուիտօ Վէրկաուէ եւ Շահան Սրբազան։Նախ ֆրանսերէնով ելոյթ ունեցաւ հիւր վերատեսուչը, որ մրցանակը յանձնեց Շահան Սրբազանին։ Ապա, Շահան Սրբազան, իր կարգին, կատարեց իր ուղերձը, ուր անդրադարձաւ այն ծառայութեան, զոր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը մատուցած է Միջ-Եկեղեցական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։Այս առթիւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ ՝՝Պէզճեան՝՝ սրահին մէջ։Ընդգծենք որ այս առիթով, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը շնորհաւորագրեր յղած էին Մութաֆեան Պատրիարք Հօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.