2009-01-17 12:32:54

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ մը Գաղութային Լուրերուն.


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ մը Գաղութային Լուրերուն.



Իսրայէլ ուրբաթ օր յայտնեց, որ Կազայի դէմ իր յարձակումը թեւակոխած է իր վերջին հանգրուանը, մինչ այդ՝ երեք շաբաթուընէ ի վեր տեղի ունեցող եւ 1170 պաղեստինցի զոհեր պատճառած յարձակումին վերջ տուող զինադադարի մը համաձայնութիւնը մօտ է։Բայց եւ այնպէս, Իսրայէլ դարցեալ մերժեց Համասի կողմէ առաջարկուած զինադադարիկարգ մը պայմաննը, եւ համեմատական մեղմացումէ մը ետք դարձեալ ռմբակոծեց Կազան։

Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուրբաթ օր(16 յունուար) յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին, վերջինիս Կազայի մէջ ՄԱԿ-ի շէնքը հարուածելով ամբողջ աշխարհին մարտահրաւէր ուղղեց։ Էրտողան վերանորոգեց նաեւ Իսրայէլի իր կոչը ՝՝դադրեցնելու այս պատերազմը, նախքան յաւելեալ անմեղ անհատներ եւ մանուկներ կորսնցնեն իրենց կեանքը եւ ընտանիքներ քանդուին՝՝։ Միւս կողմէ ըսենք որ Թուրքիոյ հրեայ համայնքին ներկայացուցիչները դիտել կու տան, որ Կազայի մէջ տեղի ունեցող մեծ ողբերգութեան պատճառով, Թուրքիոյ մէջ կարգ մը թերթեր իրենց հրատարակութիւններով կարծես սկսած են իբր թիրախ ցոյց տալ՝ Թուրքիոյ հրեաները։



Պէնիթա ֆէրէրօ Վալտնէր Հայաստան Պիտի Այցելէ

19 յունուարին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Պէնիթա Ֆէրէրօ-Վալտների գլխաւորած պատուիրակութիւնը։Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են պատուիրակութեան հանդիպումները Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։



Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, հաստատելով Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ հիմնուած Վարչապետական Քննիչ Յանձնախումբի Տեղեկագիրը՝ Հինգշաբթի, Յունուար 15ին արտօնեց, որ հարցաքննութեան ենթարկուին ապահովական մարզի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ(ինչպէս որ կը տեղեկացնէ Պոլսոյ ՄԱՐՄԱՐԱ օրաթերթը)։Խնդրոյ առարկայ պաշտօնատարներն են՝ Ոստիկանութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան Լրաքաղութեան Բաժինի Ղեկավար Ռամազան Աքեիւրէք ու Պոլսոյ Ոստիկանութեան Լրաքաղութեան Մասնաճիւղի Տնօրէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.