2009-01-16 13:39:39

Սպանիոյ եպիսկոպոսական դասը պաշտօնապէս կը հրաւիրէ Վատիկանի պետական քարտուղար` կարտինալ Պերտթոնէն։


Յառաջիկայ փետրուար 3-5 Վատիկանի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Սպանիա, ընդառաջելով տեղւոյն եպիսկոպոսական դասի հրաւէրին։ Հրաւէրին կէտնպատակն է Մարդու իրաւունքներու Տիեզերական յայտարարութեան 40-րդ տարեդարձի վերակոչումը։ Կարտինալ Պերթոնէ այդ առթիւ դասախօսութիւն մը պիտի կատարէ. Մարդու իրաւունքները եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը. նիւթին մասին։ Սպանիա իր կեցութեան ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղարը հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններու հետ։



Վատիկանի Փախստականներու եւ Թափառաշրջիկներու քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Օգոստինոս Մարքեթթոյի միջամտութիւնը Ընտանիքներու Զ. համաշխարհային հանդիպումին Մեքսիքօ մայրաքաղաքին մէջ, ՜՜Գաղթական ընտանիքը՝՝ նիւթին մասին։

Իր երկարաշունչ միջամտութեան ընթացքին Վատիկանի դիւանագէտը խօսեցաւ քահանայապետական պատգամին եւ գաղթական ընտանիքին մասին մասնաւորապէս շօշափելով հետեւեալ նիւթերը. Ընտանիքը եւ գաղթական ծրագիր,Ս. Ընտանիքը եւ գաղթականութիւնը, Զրկանք եւ վտանգ,Պաշտպանութեան զրահներ, Գրաւ եւ հեռանկար, Օտար ուսանողները եւ ընտանիքը,Փախստականներու ընտանիքը, Տեղահանները եւ ընտանիքը։

Ապա գերապայծառ Օգոստինոս Մարքեթթօն ներկայացուց գաղթական ընտանիքը եւ վատիկանեան վաւերագրերը, որ մասնաւորապէս կը մատնանշեն. տառապանքը որ գաղթականութիւնը կը պատճառէ ընտանիքին, Ընտանիքը դրդապատճառ գաղթականութեան, Ընտանիքի նպաստաւոր կեցուացքները, Ընտանիքին կարեւորութիւնը, կարիքը ապրելու ընտանիքին մէջ, Ընտանիքի հայող իրաւունքներ, Ընտանիքին դաստիարակիչ դերը, Ընտանիքն ու հովուութիւնը եւ ամուսնութիւնը։ Գերապայծառ Մարքեթթօն իր զեկուցումը եզրափակեց ըսելով. ՜՜Մենք կանչուած ենք օգնելու Աստուծոյ ծրագրի իրականացումին, Տէրը ուզեց որ մարդը եւ կինը կազմեն մէկ մարմին։ Պօղոս առաքեալը, ամուսնութեան մէջ, կը տեսնէ Քրիստոսի մեծ խորհուրդը, Եփեսացիներու ուղղած թուղթին մէջ ան կը գրէ, ամուսնութեան խորհուրդը կը յարմարի Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.