2009-01-15 13:11:58

Վատիկանի Պետական քարտուղարի այցելութիւնը Մեքսիքա ։


Մեքսիքա կեցութեան ընթացքին, 14-18 Յունուար, Վատիկանի Պետական քարտուղարը կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ պիտի գլխաւորէ Ընտանիքի համաշխարհային Զ. համաշխարհային հանդիպումը, որպէս քահանայապետական պատուիրակ։ Կարտինալին Մեքսիքա այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ կարեւոր ժամադրութիւններ. որոնց կարգին, հանդիպում՝ երկրի հանրապետութեան նախագահին հետ, Շաբաթ՝ 17 Յունուարին առաւօտեան։

Երկուշաբթի՝ 19 Յունուարին կարտինալը պիտի մեկնի Քերեդարօ քաղաքը, ուր առաւօտեան հանդիպում պիտի ունենայ մշակոյթի եւ լուսաւորութեան աշխարհի հետ եւ պիտի դասախօսէ. բանականութեան իրականացումը հաւատքի հորիզոնով, նիւթին մասին։ Նոյն օրը յետմիջօրէին Վատիկանի պետական Քարտուղարը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ թեմի դպրեվանքի ժառանգաւորներուն։

Յայտնենք թէ ընտանիքներու համաշխարհային Զ. հանդիպումը ունի երեք հանգրուան. առաջին՝ հովուական-աստուածաբանական գիտաժողով Չորեքշաբթէն Ուրբաթ օրը։ Շաբաթ օրը` աշխարհի ընտանիքներու տօնական հանդիպում։ Իսկ Կիրակի օրը քահանայապետական պատուիրակը կարտինալ Պերթոնէ հանդիսաւոր պատարագով փակումը պիտի կատարէ ընտանիքի համաշխարհային Զ. հանդիպումին։

Ընտանիքի համաշախարհային հանդիպումը բարեպատեհ առիթ մըն է քննարկելու այս ՜՜հիմնական հաստատութեան դերին՝՝ մասին ընկերութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.