2009-01-15 13:15:03

Լուրեր հայ աշխարհէն

Սուրիա –Գերպ. Աբրահամ Քիւփէլեանի օրագրութիւններ՝՝ հատորին մասին ուսումնաժողով Հալէպի մէջ։


Սուրիոյ հայաշատ քաղաք՝ Հալէպի Մշակոյթի ամփիթատրոնին մէջ 19 Յունուար 2009 ի երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը նուիրուած ՜՜Գերապայծառ Աբրահամ Քիւփէլեանի օրագրութիւններ՝՝ հատորին (1819-1820 տարիներուն Խորշիտ Փաշա մարզպետի օրերու դէպքերը) որոնց մասին ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօրութիւններ կատարած են Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Պետրոս արք Միրիաթեան եւ փրօֆ. Միհրան Մինասեան։

Գիտաժողովը տեղի կ’ունենայ հովանաւորւթեամբ Հալէպի քաղաքապետ Տոքթ Թամէր էլ Հաճճէի եւ կազմակերպութեամբ՝ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի, Հալէպի մշակութային կեդրոնին ու ՜՜Ատիյաթ՜՜ կոչուած Միութեան։ Այս առթիւ պիտի զեկուցեն Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, փրօֆ. Մուհամմէտ Քամալ , Տոքթոր Ապպաս Սապպաղ եւ փրօֆ. Միհրան Մինասեան։ Ուսումնաժողովը պիտի վարէ եւ մասնակցի զեկուցումին փրօֆ Մոհամմատ Քաճճա ։ Իսկ բանաստեղծ Րիատ Հալլաք պիտի մասնակցի ասմունքով մը։



Փոստային բացիկներ հայկական պատմական վայրերու նկարներով

Հայաստանի մէջ 2009-ի Յունուարին պիտի ներկայացnւի փոստային բացիկներու բացառիկ հաւաքածոյ որ կը պատմէ Թուրքիոյ մէջ հայերու ունեցած մեծ աւանդի եւ հոն գտնուող հայկական պատմամշակութային կեդրոններու մասին, որոնք այսօր կը ներկայացուին որպէս թրքական։ Հաւաքածոյի հրատարակիչ-խմբագիրը Օսման Քյոքէրն ազգութեամբ թուրք նշած է որ աւելի քան 2 հազար բացիկէ բաղկացած հաւաքածոյի նմուշներն առանձնացուած են իտալահայ Օրլանտօ Գալիմենօյի շուրջ 6 հազար նմուշէ։ Փոստային բացիկներու վրայ պատկերուած են հայկական եկեղեցիներ, կոթողներ, յուշարձաններ, հայերուն պատկանած բազմաթիւ կառոյցներ, այդ թիւին մէջ հիւրանոցներ, որոնց վրայ յստակ հայերէն նշագրումներ կատարուած են, որն ալ կը փաստէ անոնց հայկական ըլլալը։



Մարաթուկի գերեզմանատունը Կը Վերադարձուի Հայերուն

Ակօս թերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանի համաձայն, ծագումով սասունցի Ազիզ Դաջէն, որ պայքար սկսած է հայկական սեփականութեանց պահպանման ի խնդիր, յաջողած է արդէն Սասունի Մարաթուկ սարի մօտ գտնուող հայկական գերեզմանատունը Թուրքիոյ կալուածային պաշտօնական տոմարին մէջ արձանագրել տալ իբրեւ հայկական սեփականութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.