2009-01-14 13:28:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 14 յունուար 2009 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Պօղոս Զ. անուան սրահը։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին մասին, այսօր Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Քրիստոս գլուխը եկեղեցւոյ՝՝ նիւթին վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պօղոս առաքեալի թուղթերուն մէջ կան երկու թուղթեր` Կողոսացիներունը եւ Եփեսացիներունը, որոնք իրարու շատ կը նմանին թէ բառամթերքով եւ թէ ներկայացումով։ Երկու թուղթերու մէջ ՜՜Քրիստոս որպէս գլուխ՝՝ ներկայացուած է։ Ան որպէս Պետ կը ղեկավարէ եւ կ՛առաջնորդէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը, ան նաեւ գլուխն է քանի որ կը հաղորդէ իր կեանքը մարմնի բոլոր անդամներուն։ Սակայն, Քրիստոս նաեւ նկատուած է պետը Երկնային Զօրութիւններուն ու Տիեզերքին։ Քրիստոս, մեզ սիրեց եւ ինքզինք զոհեց մեզ փրկելու համար։ Հետեւաբար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Քրիստոսի միանալով մենք պէտք չէ վախնանք։ Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜ Պօղոս առաքեալի երկու թուղթերը կը խօսին մեզի նաեւ՝ Աստուծոյ ծրագրի խորհուրդին մասին՝՝։ Քրիստոս ամէն բան իրմով կը հաշտեցնէ. երկնայինները եւ երկրայինները, խաղաղութիւն հաստատելով՝ արեամբ իր խաչի ։ Քրիստոսի մէջ, կարող ենք տեսնել ու երկիրպագել Աստուծոյ կամքին ուրախ եւ խոնարհ սրտի հպատակութեամբ։ Հուսկ Սրբզ. Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց մատնանշելով Եկեղեցւոյ պատկերը որպէս Քրիստոսի հարսը։ Քրիստոս զայն շահեցաւ իր կեանքը տալով եւ կը շարունակէ հետաքրքրուիլ անոր գեղեցկութեամբ, ոչ միայն մկրտութեան խորհուրդի մատակարարումով այլեւ պարգեւներով։ Որքան գեղեցիկ է վերապրիլ այդ պսակին գեղեցկութիւնը որուն Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Յիսուս իւրաքանչիւրիս մէջ աճեցնէ բաղձանքը աւելի լաւ ճանչնալու ու խորապէս սիրելու Քրիստոսը։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբզ. Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, որպէսզի իրմէ ստանաք լոյս եւ քաջութիւն, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբզ. Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.