2009-01-14 13:57:30

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հ Հ նախագահ Ս. Սարգսեանի հանդիպումը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժանին հետ։


 Ընդունելով Նիքոլայ Պորտիւժանը՝ ընդհանուր քարտուղարը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան , Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան մնայուն կատարելագործումը, եւ նշած է, որ ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ աւելի արդիւնաւէտ կերպով դէմ դնելու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։ Նշենք թէ Հայաստան ներկայիս կը նախագահէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահը Սերժ Սարգսեան Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ քննարկած է կազմակերպութեան հերթական ժողովի նախապատրաստութեան եւ օրակարգի ձեւաւորման հետ կապուած հարցեր։ Պորտիւժանի հետ հանդիպումին Սարգսեան զինուորական-քաղաքական փոխադարձ գործակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան իբրեւ առանցքային ուղղութիւններէն մէկը նկատելով ՝ ըսած է, թէ Հայաստան պիտի շարունակէ իր ջանքերը միացեալ աշխատանքը համակարգելու, գործակցութեան ներուժը աւելի լիարժէք ու արդիւնաւէտ օգտագործելու ուղղութեամբ։ Խօսուած է նաեւ կազմակերպութեան առջեւ դրուած հիմնական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն մասին։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունած է Նիքոլայ Պորտիւժան։ Հանդիպումին քննարկուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ, Հայաստանի նախագահութեան եւ կազմակերպութեան իրականացնելիք միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.