2009-01-14 13:55:57

Ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումը Մեսսիքօ մայրաքաղաքին մէջ


Յունուար 13-18, կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 10.000 հոգիներու։

Մեքսիքոյի ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումին կը մասնակցին աւելի քան 10.000 հոգիներ, եկած՝ երկրագունդի հինգ ցամաքամասերէն։ Սպանիոյ՝ Վալենսիա քաղաքի հանդիպումէն երեք տարի վերջ աստուածաբանական-հովուական գիտաժողովը, տեղի կ՛ունենայ Մեքսիքոյի մայրաքաղաքը, որու ընթացքին կը նախատեսուին հանդիպումներ, վկայութիւններ եւ տօնախմբութիւններ Կուատելուբէ տաճարին հրապարակը։ Այս տարուայ հանդիպումին բնաբանն է. ընտանիքը, դաստիարակիչ մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու։ Հանդիպումը կը նախագահէ կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի` նախագահը Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդն իսկ Կարտինալ Պերթոնէ` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը, կը գլխաւորէ հանդիպումը յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

Համաշխարհային այս հաւաքին ընթացքին, Սրբզ. Քահանայապետը աշխարհատեսիլի միջոցաւ պատգամ կ՛ուղղէ մասնակցողներուն։

Ընտանիքի համաշխարհային Զ. հանդիպումը կը հետապնդէ ընտանիքի դերը շեշտը դնելով ընտանիքի դաստիարակիչ առաքելութեան վրայ ու ընդգծելով արժէքներու կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.