2009-01-13 12:50:51

Կարտինալ Սոտանօ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ հոգեհանգստեան պատարագը եւ թաղման կարգը, հանգուցեալ կարտինալ Բիօ Լակիին։


Երեքշաբբթի առաւօտ, Կարտինալ Անճըլօ Սոտանօ` գահերէցը կարտինալական դասին , հոգեհանգստեան պատարագը եւ ապա թաղման կարգը կատարեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանգուցեալ կարտինալ Բիօ Լակիի ։ Ողբացեալ Կարտինալը ճանչցուած է որպէս մեծ դիւանանագէտ մը։ Ան եղած է կառավարիչը Կաթողիկէ Դաստիարակութեան։ Կարտինալ Բիո Լակի իր մահկանացուն կնքեց 86 տարեկանին։ Անոր մահով կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 189, որոնցմէ 116ը քահայանապետ ընտրելու իրաւունքով։

Կարտինալ Բիօ Լակի պատասխանատու էր Մալթայի իշխանապետական կարգին։ Ան ծնած էր 21 մայիս 1922ին հիւսիսային Իտալիա։ Մաս կը կազմէր Ս. Աթոռի դիւանագիտական մարմնին։ Որպէս առաքելական դեսպան ան իր առաքելութիւնը կատարեց Երուսաղէմ, Կիպրոս, Եգիպտոս, Արժանթին, եւ Միացեալ նահանգներ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը 28 յունիս 1991ին կարտինալի աստիճանը շնորհած էր անոր։ 6 ապրիլ 1999-ին ան նշանակուեցաւ կառավարիչ՝ կաթողիկէ Դաստիարակութեան ժողովին եւ 1993էն սկսեալ` պատասխանատու էր Մալթայի իշխանապետական կարգին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անոր ընտանեկան պարագաներուն ուղղած ցաւակցական հեռագրով կ՛ընդգծէ հանգուցեալ կարտինալին երկար ու վեհանձն ծառայութիւնը Ս. Աթոռին, մանաւորապէս դիւանագտիտական մարզին մէջ եւ որպէս կառավարիչը Կաթողիկէ Դաստիարակութեան ժողովին։ Ան իր սրտագին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ողբացեալի պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որ ճանչցան զինք։ Եւ իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալին որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան։








All the contents on this site are copyrighted ©.