2009-01-12 13:51:35

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումը Մեքսիքօ մայրաքաղաքին մէջ Յունուար 13-18։ Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 10.000 հոգիի։


 Ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումը Մեքսիքօ մայրաքաղաքին մէջ Յունուար 13-18։ Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 10.000 հոգիի։

Ներկայացնելով հանդիպումը, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Էննիօ Անթոնելլին մաղթեց որ մայրերու տնային աշխատանքը աւելի գնահատուի։ Ան զարմանք յայտնեց թէ ինչո՞ւ այս աշխատանքը նուազ կը գնահատուի երբ մայրերու կողմէն կը կատարուի եւ ոչ թէ աղախինի կամ մանկախնամներու կողմէ։ Մայրերը, սիրով ու նուիրումով կը պարապին իրենց ընտանիքներուն եւ ասոր համար արժանի են արդար վարձատրութեան։

Մեքսիքոյի ընտանիքի համաշխարհային Զ հանդիպումին կը սպասուին աւելի քան 10.000 հոգիի ներկայութիւնը, եկած՝ երկրագունդի հինգ ցամաքամասերէն։ Սպանիոյ՝ Վալենսիա քաղաքի հանդիպումէն երեք տարի վերջ աստուածաբանական-հովուական գիտաժողովը, տեղի պիտի ունենայ Մեքսիքոյի մայրաքաղաքը, ուր նախատեսուած են հանդիպումներ, վկայութիւններ եւ տօնախմբութիւններ Կուատելուբէ տաճարին հրապարակը։ Այս տարուայ հանդիպումին բնաբանն է. ընտանիքը, դաստիարակիչ մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու։ Հանդիպումը կը նախագահէ կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի նախագահը Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի իսկ Կարտինալ Պերթոնէ` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը, պիտի գլխաւորէ հանդիպումը յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

Այս հանդիպումին ընթացքին, կը նախատեսուի Սրբազան Քահանայապետին հեռուսատեսիելի պատգամը մասնակցողներուն։





Ոչ եւս է կարտինալ Բիօ Լակի։

Կաթողիկէ դաստիարակութեան վաստակաւոր կարտինալը իր մահկանացուն կնքեց 86 տարեկանին։ Անոր թաղման կարգը Երեքշաբթի օրը տեղի պիտի ունենայ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Կարտինալ Բիօ Լակիի մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 189, որոնցմէ 116-ը քահայանապետ ընտրելու իրաւունքով։

Կարտինալ Բիօ Լակի պատասխանատու էր Մալթայի իշխանապետական կարգին։ Ան ծնած էր 21 մայիս 1922ին Իտալիոյ Գասդիլիոնէ թեմին մէջ։ Մաս կը կազմէր Ս. Աթոռի դիւանագիտական մարմնին։ Որպէս առաքելական դեսպան ան իր առաքելութիւնը կատարեց Երուսաղէմ, կիպրոս, Եգիպտոս, Արժանթին, եւ Միացեալ նահանգներ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը 28 Յունիս 1991ին կարտինալի աստիճանը շնորհեց անոր, 6 ապրիլ 1999-ին նշանակուեցաւ կառավարիչ կաթողիկէ Դաստիարակութեան ժողովին եւ 1993էն սկսեալ` պատասխանատու էր Մալթայի իշխանապետական կարգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.