2009-01-12 14:01:04

Ս Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին նշումը Պաղտատի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։


Իրաքահայը, ինչնպէս բոլոր Հայ ժողովուրդը, սովոր է իր աղօթքի տուները շէն ու պայծար պահել յաճախելով Մայրենի Եկեղեցին, եւ արարողութեանց իր մասնակցութիւնը բերելով յատկապէս տօնական օրերու առիթով ։ Պաղտատի հազարէ աւելի հայ հաւատացեալներ, Յունուար 6-ին, Յիսուսի Ծննդեան տօնին առիթով մասնակցեցան հայածէս Ս. Պատարագին Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագ մատոյց Թեմի Աւագ Արքեպս. Ասատուրեան հաւատացեալները բոլորն ալ հաղորդուեցան։ Յընթացս Ս Պատարագին կատարուեցաւ Յիսուսի Մկրտութեան կարգը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Զուարթնոց Դպրաց Դասը ղեկավարութեամբ Պրն Նուպար Փշտիկեանի։ Պատարագիչ Սրբազանի քարոզին բնաբանն էր "Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի որ յայսմ աւուր յատնեցաւ" Հայ Շարականի ներշնչեալ խօսքերը։ Ան շեշտեց որ "Նորածին Յիսուս բերաւ իրաւ խաղաղութիւն տառապեալ մարդկութեան մեզի շնորհելով քաջութիւն դիմագրաւելու դժուարութիւնները, եւ տիրատուր կարողութիւն՝` արձանագրելու նորանոր խոյանքներ մեր եկեղեցային եւ ազգային կեանքէն ներս։" "Այս հոգենորոգ վիճակը Իրաքահայն ապրեցաւ անցնող հինգ տարիներու տեւողութեան, Իրաքի մէջ տիրող՝ աննպաստ ու վտանգաւոր պայմաններու դէմ յանդիման որպէս յաղթական երթ։"

Նկատի առնելով երկրին տագնապալից վիճակը Սրբազանը թելադրեց մնալ անվախ բայց ըլլալ զգուշաւոր պահելով մեր յոյսը մանկացեալ Փրկչին նկատմամբ իբրեւ երաշխիք՝ իրարու հանդէպ ճշմարիտ սիրոյ, եւ արտայայտութիւն՝ զօրացնող հաւատքի որպէսզի կեանքն ապրինք իմացեալ, հայավայել եւ հաւատաւոր կերպով։ Պատարագի աւարտին թափօր կազմուեցաւ Եկեղեցիէն դէպի Առաջնորդարանի դահլիճը։ Ճանապարհին հաւատացեալ ժողովուրդը մօտենալով Սրբազանին համբուրեցին ձեռաց խաչը եւ իրենց զաւակները ներկայացուցին անոր որ հայրաբար օրհնեց զանոնք։ Նշենք որ թեմի հայաշատ շրջաններու՝` Պասրայի, Քէրքուկի, Մուսուլի, Տըհօքի, Աւզրուկի եւ Զախոյի Հայ Եկեղեցիները նոյնպէս լեցուած էին խուռներամ հաւատացեալներով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.