2009-01-12 13:47:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին խօսեցաւ քրիստոնեայ ծնողներու պատասխանատուութեան, կրթելու՝ իրենց զաւակները Աւետարանի համաձայն։


Կիրակի 11 Յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած՝ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Կարապետի ձեռքով, այս առթիւ բարեպատեհ առիթը ունեցայ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարելու 13 երախաներու, Սիքստեան մատրան մէջ։ Ծնողներուն յիշեցուցի թէ զաւակները ծնողներու սեփականութիւնը չեն, անոնք պատասխանատուութիւնը ունին զանոնք կրթելու Աւետարանի համաձայն։ Սրբազան Հայրը նաեւ ըսաւ. ՜՜Յիսուսի մկրտութիւնը վերակոչելով քրիստոնեաները կանչուած են Յիսուսը ճանչնալ որպէս Աստուծոյ սիրելի Որդին եւ ապրիլ անոր Աւետարանին համաձայն ու ճանչցնել Աստուծոյ խօսքը մեր բարի օրինակով՝՝։

Ապա սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ Յունուար 13-18 Մեքսիքոյի մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտանիքներու համաշխարհային Զ հանդիպումը։ Կարտինալ Պերթոնէ, որպէս քահանայապետական յատուկ նուիրակ, պիտի գլխաւորէ հանդիպումը, սակայն ես անձամբ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) մօտէն պիտի հետեւիմ ժողովին աղօթքով եւ հեռուստատեսիլի մէկ միջամտութեամբս։ Այժմէն ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթքէք այս կարեւոր հանդիպումին համար, հայցելով Ս. Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնը։

Հուսկ նորին սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Ս. Կոյս Մարիամի օրինակը օգնէ մեզի ապրելու Յիսուսի հետ։ Բոլորիդ կու տամ իմ առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.