2009-01-12 14:06:48

Լուրեր հայ աշխարհէն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցը Հայաստան


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքով , Պեռնար Ֆասիէ եւ Մեթիու Պրայզա 14 Յունուար 2009-ին պիտի այցելեն Հայաստան։ Ի դէպ Մոսկուայի մէջ անցեալ 2 նոյեմբերին (2008) Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման վերաբերեալ հռչակագիրի ստորագրութենէն ետք, Մինսքի խմբակի համանախագահները այցելեցին Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ։ Այնուհետեւ Հելսինքիի մէջ, 4 դեկտեմբերին՝ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու կոմիտէի տարեկան հաւաքին ընթացքին նաեւ յայտարարութիւն մը որդեգրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ։



Միացեալ Նահանգներ- Հրանդ Տինքի նուիրուած կլոր սեղան

Հրանդ Տինքի բարեկամներ կազմակերպութիւնը 1 փետրուարին Մասաչուսեցի ԷմԱյԹի համալսարանին մէջ կազմակերպած է Հրանդ Տինքի առնչուող հարցերու քննարկման կլոր սեղան մը։ Կլոր սեղանին կը մասնակցին Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, Տի Էքոնոմիսթի թուրք լրագրող Ամպերին Զաման, փրոֆ Փիթըր Պալաքեան, Էնտրու Թարսի եւ Հարվըրտ համալսարանի այցելու դասախօս փրոֆ Օքթայ Էօզել։

Զրոյցը կը վարէ Ազդակի նախկին պատասխանատու խմբագիրներէն եւ Արմինիըն Ուիքլի շաբաթաթերթի խմբագրապետ Խաչիկ Մուրատեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.