2009-01-11 13:45:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը մկրտութեան խորհուրդի մատակարարման ընթացքին։


Կիրակի յունուար 11, տօն Յիսուսի մկրտութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10-ին, պատարագ մատուցանեց Սիքստեան մատրան մէջ եւ որուն ընթացքին մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց 13 երախաներուն։

իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը. Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, դուն իմ ամբողջ հաճութիւնս ունիս, ըսաւ այսօրուան տօնակատարութեամբ կը վերակոչենք Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով եւ այդ տօնով կ՛եզրափակուի Ծննդեան շրջանը։

Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իրապէս ուրախ եմ որ ինծի այս բարեպատեհ առիթը կը տրուի մկրտութեան խորհուրդը մատակարարելու երախաներուն։ Անոնց վրայ, այսօր, երկինքէն կը հանգչի Աստուծոյ հաճութիւնը։ Այդ պահէն որ Միածին Որդին մկրտուեցաւ երկինքը ճշմարտապէս բացուեցաւ եւ կը շարունակէ բացուիլ ամէն անգամ որ նոր կեանք մը կը դնենք Աստուծոյ ամենահզօր ձեռքերուն մէջ։ Ասիկա կը կատարուի մկրտութեան խորհուրդի մատակարարութեամբ։ Երախան ծնողներու սեփականութիւնը չէ, այլ Արարիչէն յանձնուած ծնողներու պատասխանատուութեան, որպէսզի անոնք օգնեն երախան դառնալու Աստուծոյ ազատ որդին։ Եթէ, այս մկրտութեամբ, նորածինը կը դառնայ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը` իր անհուն սիրոյ առարկան, որ կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ զինք խաւարային ոյժերէն, երախային սորվեցնելու է ճանչնալ զԱստուած որպէս իր Հայրը եւ իր կարգին` վարուիլ որպէս որդի։ Հետեւաբար երախաներու մկրտութեամբ, ոչ թէ միայն չենք սահմանափակեր անոնց ազատութիւնը, այլ ընդհակառակը, զանոնք մասնակից կը դարձնենք աստուածային կեանքին, ուր կը գտնուի ճշմարիտ ազատութիւնը, որ յատուկ է Աստուծոյ որդիներուն, ազատութիւն մը որ պէտք է վարժեցնել ու կազմել տարիներու հոլովոյթին, որպէսզի երախան կարող դառնայ անհատական ընտրութիւններ կատարելու։ Ապա Սրբազան Հայրը ողջունեց նոր կնքուածներու ծնողները, կնքահայրերն ու կնքամայրերը հրաւիրելով զանոնք երախտապարտ ըլլալու Աստուծոյ այս մեծ պարգեւին համար։ Գիտցէք որ ձեր զաւակները այլեւս մաս կը կազմեն այն մեծ ընտանիքին որ է Եկեղեցին, որ ունի Աստուած որպէս Հայր։ Հետեւաբար յանձնեցէք ձեր զաւակները Աստուծոյ բարութեան, որ համայն զօրութիւն է, լոյս եւ սէր։ Անոնք` հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն, ինքզինքնին լքուած պիտի չզգան, եթէ Անոր յառած մնան։ Հաստատ պահեցէք զանոնք հաւատքին մէջ, սորվեցուցէք անոնց աղօթել եւ օգնեցէք` Յիսուսի նման զարգանալ իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով` Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.