2009-01-10 11:52:38

Լուրեր հայ աշխարհէն

Սփիւռքահայ 78 գիտնականներ՝ ընտրուած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան ։


Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) ընդհանուր ժողովին որոշումով ընտրուած են սփիւռքահայ 78 հանրաճանաչ գիտնականներ՝ իբրեւ Գիտութիւններու ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, Հայաստանի գիտութեան զարգացման նպաստելու նպատակով։ Նորընտիր անդամները ընդունուած են հայագիտութեան, հասարակական գիտութիւններու, քիմիական, երկրի մասին գիտութիւններու, բնագիտութեան, աստղաբնագիտութեան, ուսողութեան եւ ճարտարագիտական գիտութիւններու բաժանմունքներէն ներս, եւ իրաւունք ստացած են իբրեւ փորձագէտներ՝ ելոյթներով մասնակցելու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտական հիմնարկներու աշխատանքներուն եւ տարեկան ընդհանուր ժողովներուն։ Նորընտիր գիտնականներուն հետ կատարուող աշխատանքը պիտի համադրէ ակադեմիայի նորաստեղծ սփիւռքահայ գիտնականներու բաժինը, որուն նպատակն է աշխուժացնել Հայաստան-Սփիւռք կապերը, համախմբել հայկական սփիւռքի գիտական ներուժը եւ նպաստել Հայաստանի գիտական յառաջընթացին։

Հայաստանեան Որոշ Թերթեր Կը Բարձրացնեն Իրենց Արժեգիները։

2008ի վերջը Հայաստանի տպագիր մամուլի գլխաւոր խմբագիրները կը խօսէին թերթերու արժեգինը բարձրացնելու մասին։ Անոնք համակարծիք էին, որ ստացուող եկամուտը չէր ծածկեր անգամ տպագրութեան ծախսերը։ Սակայն գինի բարձրացումը կը համարուի համարձակ քայլ մը ,եւ ոչ բոլոր խմբագիրները համամիտ էին թերթերու արժեգիներու փոփոխութեան։ Այնուհանդերձ, ՝՝Առաւօտ՝՝ օրաթերթի արժեգինը ամանորեան արձակուրդէն ետք, Յունուար 8էն սկսեալ, կ՝ ըլլայ ոչ թէ 100, այլ՝ 150 դրամ։ Շատ հաւանական է, որ ՝՝Ազգ՝՝ օրաթերթն ալ հետեւի այդ քայլին։ Առայժմ անփոփոխ կը մնան ՝՝Հայոց աշխարհ՝՝, ՝՝Հայաստանի Հանրապետութիւն՝՝ եւ ՝՝Հրապարակ՝՝ թերթերուն գիները, իսկ շաբաթը երկու անգամ լոյս տեսնող ՝՝Տարեգիր՝՝ թերթը, ըստ խմբագիր Վասակ Դարբինեանի, յետայսու պիտի հրատարակուի իբրեւ օրաթերթ, բայց առանց գինի բարձրացումի։ Հայաստանի ամենամեծ տպաքանակ ունեցող, 8200 օրինակով տպագրուող ՝՝Հայկական ժամանակ՝՝ օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Հայկ Գէորգեան նոյնպէս նշած է, թէ առայժմ գին բարձրացնելու մտադրութիւն չկայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.