2009-01-08 13:39:31

Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին


Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը, Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ, իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին

Յայտնենք թէ Ս. Աթոռը ներկայիս 178 պետութիւններու հետ դիւանագիտական կապեր հաստատած է։ Վերջերս դիւանագիտական կապեր հաստատած է Պոսթուանա հանրապետութեան հետ 4 նոյեմբեր 2008ին եւ Անտոռա իշխանապետութեան հետ 12 դեկտեմբեր 2008ին։

Ս. Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է նաեւ Եւրոպական հասարակապետութեան, Մալթայի իշխանապետութեան, Ռուսական դաշնակցութեան եւ Պաղեստինեան ազատագրումի կազմակերպութեան հետ։ Նոյնպէս Ս. Աթոռը կը մասնակցի միջկառավարական եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու ու մարմիններու հետ։

վատիկանեան տեղեկութիւններ

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Պրունօ Մուզարօ որպէս առաքելական դեսպան Փերուի մօտ։ Գերապայծառ Պրունօն մինչեւ օրս առաքելական դեսպանի պաշտօնը կը վարէր Կուաթեմալայի մօտ։ նախապէս ան պաշտօնավարած է Քորէայի, Իտալիոյ, Կեդրոնական Ափրիկէի, Փանամայի, Պանկլատեշի եւ Սպանիոյ պետութիւններուն մօտ։



Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող հակաքրիստոնէական բախումները աւելի քաղաքական են քան կրօնական, կը հաստատէ կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին։

Հնդկաստանի Օրիսսա նահանգի մէջ տեղի ունեցող հալածանքները քրիստոնեաներու դէմ, աւելի ընկերա-քաղաքական բնոյթ ունին քան կրօնական, կը հաստատէ կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, մատնանշելով թէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը ամբաստանուած է որպէս գործիչ ձերբազատութեան ու յառաջդիմութեան։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալը իր դիտաւորութիւնը յայտնեց Հնդկաստան այցելել, հանդիպում ունենալու քրիստոնեայ եւ Ինտու կրօնապետերու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.