2009-01-07 14:15:58

Երեքշաբթի 6 Յունուար 2009 Տօն Յայտնութեան եւ Մկրտութեան Քրիստոսի

Ու՞ր է Հրէաներու թագաւորը որ ծնաւ


Ու՞ր է Հրէաներու թագաւորը որ ծնաւ

Արեւելքէն մոգեր կու գան մինչեւ Երուսաղէմ եւ կը փնտռեն Մանուկ մը Հրէաստանի մէջ։ Եթէ Սուրբ Գիրքը Արեւելք բառը կը գործածէ, հաւանաբար անոնք շատ հեռուէն է որ կու գային, որով արդէն Հրէաստանը` Արեւելքի մէջ գտնուելով, մոգերը հաւանաբար աւելի հեռաւոր Արեւելքէն է որ կու գային. Ոմանք կը բերեն զիրենք Պարսկաստանէն, ուրիշներ Հնդկաստանէն, ինչու չէ նաեւ Չինաստանէն, որովհետեւ այդ շրջաններուն` Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ` աստղաբաշխութիւնը իր ոսկեայ դարը կ՛ապրէր։ Արդ մոգ բառը երբ կը գործածէ Աւետարանը, չ՛ուզեր կախարդ ըսել այլ շատ աւելի հաւանական կերպով` աստղաբաշխ։

Հին գիտնականներու մօտ` սովոր էր ամէն նոր աստղի երեւումին վերագրել նոր անձի մը ծնունդը աշխարհի վրայ. Որքան աստղը փայլուն ու լուսաւոր ըլլար, այնքան աւելի մեծ ու հռչակաւոր կը հանդիսանար ծնող անձնաւորութիւնը։

Այս պարագային` բացառիկ մէկ աստղի մը երեւումը աշխարհի վրայ, այնքան կը խանդավառէ զիրենք որ կը թողուն տուն եւ տեղ եւ իրարու հետ միատեղ` կը հետեւին աստղի շարժումներուն, մինչեւ որ կը հասնին Երուսաղէմ։

Այս տարի` երբ աշխարհ կը տօնէ աստղաբաշխութեան տարին, եւ նոյնիսկ Եկեղեցին կը մասնակցի այս տօնակատարութեան, աւելի ջերմօրէն կը գնահատենք Արեւելքէն եկած մոգերու այս խորհդաւոր դէպքը. Աստուած կ՛օգտագործէ նոյնիսկ աստղերը ինքզինք յայտնելու համար մարդկութեան։

Սակայն անոնք տակաւին կը կարծեն թէ մարդկային իմաստով թագաւոր մըն է որ կը ծնի եւ զայն կը փնտռեն մայրաքաղաքին մէջ, Երուսաղէմ։ Քանի աստղը այս երկրին մէջ անհետացաւ, այդ կը նշանակէ թէ թագաւորը որ ծնաւ այդ երկրին պետը հարկ է որ ըլլայ եւ հարց կու տան տեղւոյն իշխանութիւններուն. Ու՞ր է Հրէաներու թագաւորը որ ծնաւ։ Ինչ որ մեծ տագնապ կը յարուցանէ երկրի իշխանաւորներուն մէջ. Նախ Միջերկրականի շուրջ գտնուող բոլոր ազգերը մէկ արքայ ունին, Հռոմի կայսրը. Իսկ Հրէաստանի մէջ` կայ տեղական թագաւոր մը` Հերովդէս. Ո՞ր արքային մասին կը խօսին այս իմաստուն մարդիկը որոնք հեռաւոր Արեւելքէն եկած են։

Մենք գիտենք որ այդ արքան մարմնաւոր իշխանութիւն ունեցող մէկը չէ. Անոր իշխանութիւնը հոգեւոր է. ան չէ ծնած մայրաքաղաքին մէջ այլ մօտակայ փոքր քաղաքի մը մէջ` Բեթղեհէմ. Ան որդին չէ մահկանացու թագաւորի մը, այլ նոյնինքն Աստուծոյ, որ ստեղծողն է երկնքի եւ երկրի։

Մոգերը կը ներկայացնեն բոլոր մարդկութիւնը, անոնք որ տակաւին տեղեակ չեն Աստուծոյ պատգամին, անոնք որոնք մարգարէներ չեն ունեցած զիրենք պատրաստելու համար, անոնք որոնք միակ աստղի մը երեւումով` կը բաւարարուին եւ, ձգելով իրենց տուներն ու պալատները, կու գան երկրպագելու այն մեծ անձնաւորութեան որուն ծնունդը իրենց կ՛աւետուի։

Դիտենք մսուրին մէջ ներկայութիւնը այս երեք նոր անձերուն, որոնք մեզի կը սորվեցնեն թէ իրական արժէքները ներկայացնողները չեն անոնք որ կը բնակին պալատներու մէջ եւ կ՛ապրին ճոխ կեանք մը, այլ անոնք որ թէեւ կ՛ապրին խոնարհ ու աղքատ բնակավայրերու մէջ, սակայն ունի իրենց սրտին ու հոգիին մէջ հսկայ ծով մը բարոյական ու հոգեկան անծայրածիր հարստութեան. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.