2009-01-07 13:22:24

 Ակնարկ Մը՝Միջազգային եւ Գաղութային Լուրերուն։


 Ակնարկ Մը՝Միջազգային եւ Գաղութային Լուրերուն։

Ողբերգական Վիճակը դժբախտաբար կը շարունակուի Կազայի մէջ,Իսրաէլ կը շարունակէ իր յարձակումները,բայց տեղի տալով միջազգային հասարկութեան ճնշումներուն,այսօր Իսրայէլեան Զինեալ Ուժերը յայտարարեցին որ, այսօրուընէ սկսեալ ամէն օր երեք ժամ պիտի կասեցնեն ռմբակոծումները Կազայի Գօտիին վրայ, գործադրելով ամէն օր երեք ժամ տեւող հրադադար մը։ Իտալական ժամով՝առաւօտեան ժամը 10-ին այսօր սկիզբ առաւ առաջին Զինադադարը։ Միւս կողմէ Իսրաէլի վարչապետ Էհուտ Օլմէրտ-ի որոշումով կը հաստատուի ՝՝մարդկայնական միջանցք՝՝ մը ի նպաստ Կազայի Գօտիի բնակչութեանց... Որոշումը որդեգրուած է որպէսզի տեղի չտրուի մարդասիրական լայնածաւալ տագնապի մը Կազայի մէջ։Ըստ այս ծրագրին կարգ մը վայրերու մէջ,նկատի առնելով կացութիւնը պիտի դադրին կռիւները,կարելիութիւն տալու համար բնակչութեանց հայթայթելու ուտեստեղէն եւ նախնական անհրաժեշտ առարկաներ։ Այսօր եւս Իսրայել արտօնած է մուտքը տասնեակ մը բեռնակառքերու ուտեստեղէնով բեռնաւորուած՝Պաղեստինի Ժողովուրդին համար,ինչպէս նաեւ վառելանիւթ(ըստ իսրաէլի կառավարութեան մէկ բանբերին) բայց Իսրաէլեան ՝՝Քաղաքացիական Իրաւունքներու Բժիշկներ՝՝ կոչուած Կազմակերպութիւնը ՝՝անբաւարար՝՝ կը նկատէ այս միջոցառումները եւ ՝՝յապաղումով՝՝ հասած։ Իսրայէլ իր այս անհամեմատական ռմբակոծումներով կուզէ կասեցնել Կազայէն կատարուող հրթիռարձակումները եւ Եգիպտոս-Կազա սահմանին վրայ պարտադրել ապահովական նոր կարգադրութիւններ, որոնք արգելք պիտի հանդիսանան փապուղիներու ճամբով Համաս շարժումի վերազինման։ Ըստ նախատեսութեան, Համաս շարժումը շուրջ 25 հազար զինեալներ ունի։ Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Իսրայէլ Կազայի մէջ իր գործողութեան համար 30 հազար զինուոր յատկացուցած է։



Հայ Առաքելական Եկեղեցին Յունուար 6-ին Նշեց Ս. Ծննդեան Տօնը։

Հայ առաքելական եկեղեցին Յունուար 6ին, նշեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, որ Յիսուսի ծննդեան եւ մկրտութեան յիշատակումն է։ Ս. Ծննդեան կը նախորդէ պահքը, որուն ընթացքին կը ճաշակուի բացառապէս բուսական սննդեղէն։ Պահքը կը սկսի Դեկտեմբեր 30ին եւ կաւարտի Յունուար 5ի երեկոյեան, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս Ծննդեան Ճրագալոյցի պատարագ եւ կը տրուի Ս. Ծննդեան Աւետիսը։ Մարդիկ զիրար կողջունեն Քրիստոս ծնաւ եւ Յայտնեցաւ արտայայտութեամբ, որուն ի պատասխան կը հնչէ՝ Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի։ Եկեղեցւոյ հովիւները միշտ կը յիշեցնեն, թէ միայն եկեղեցի այցելելով, աղօթելով եւ մոմ վառելով չարտայայտուիր քրիստոնեային հաւատքը, ան պէտք է մասնակցի Ս. Պատարագին, ստանայ հաղորդութիւն, իսկ պատարագի մասնակցութեան նախնական հանգրուանին՝ ծոմ պահէ, անդրադառնայ անցած կեանքին, զբաղի ինքնաքննութեամբ եւ խոստովանի մեղքերը։Աստուածային էութեան հաղորդուելու եւ միախառնուելու համար անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեան մկրտուած ըլլայ, որովհետեւ մկրտութեան խորհուրդը մարդու երկրորդ ծնունդն է։ Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, մկրտուողը կը լուացուի ադամական մեղքէն եւ վերստին ծնելով՝ կը դառնայ յաւիտենական կեանքի քաղաքացի։ Յունուար 6-ի առաւօտեան կը մատուցուի Ս. Պատարագ, ապա կը կատարուի Ջրօրհնէք, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Մկրտութիւնը։ Խաչով եւ Սրբալոյս միւռոնով օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին։ Այնուհետեւ քահանան կայցելէ հաւատացեալներու տուները՝ աւետելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը,ասկէ իսկ յառաջացած է Տնօրհնէքի աւանդութիւնը։ Յունուար 7-ին, ինչպէս բոլոր տաղաւար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, Մեռելոց է, հանգուցեալներու յիշատակութեան օր։ Պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանստեան պաշտօն, որմէ ետք մարդիկ կայցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները։








All the contents on this site are copyrighted ©.