2009-01-05 13:13:25

Վատիկանի մէջ մամլոյ ներկայացում Ընտանիքի համաշխարհային 6-րդ հանդիպումին ՜՜Մեքսիքօ՝՝ մայրաքաղաքին մէջ - յունուար 13-18


Ուրբաթ 9 Յունուար 2009-ին, Վատիկանի մամլոյ սրահին մէջ ներկայացումը պիտի կատարուի Ընտանիքի համաշխարհային 6-րդ հանդիպումին որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 13-18 Մեքսիքօ մայրաքաղաքին մէջ։ Ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին բնաբանն է. Ընտանիքը, մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքներու դաստիարակիչ։ Մամլոյ ներկայացումը պիտի գլխաւորէ կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի` նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։

Յայտնենք թէ Պենտիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակած է կարտինալ Պերթոնէն որպէս քահանայապետական պատուիրակ գլխաւորելու՝ ընտանիքի համաշխարհային խորհուրդի 6-րդ հանդիպումը։ Անուանումի նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդգծէ թէ՝ ծնողները գլխաւոր դաստիարակիչներն են իրենց զաւակներուն։ Դաստիարակչական մարզին մէջ, ծնողները ձեռնհասութիւն ունին. անոնք դաստիարակիչ են որովհետեւ ծնողներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.