2009-01-05 13:22:08

Լուրեր հայ աշխարհէն

Աստուածայայտնութեան տօնը Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ:


Երեքշաբթի 6 Յունուար 2009-ին, հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 11-ին, սկիզբ պիտի առնէ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը զոր պիտի մատուցէ եւ քարոզէ գերյ. Յովսէփ Ծ.Վրդ. Քելեկեան, մեծաւորը Լեւոնեան քահանայապետական հայ դպրեվանքին ու Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ։ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ Յիսուսի մկրտութիւնը. որմէ ետք ներկաները հրաւիրուած են մասնակցելու՝ ՜՜աւանդութիւն դարձած՝՝ հայերու Ակաբին. միասնաբար եւ ուրախութեամբ տօնելու՝ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ Յիսուսի Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։





Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած՝ կլոր սեղան:

Երեւանի եւ Օշականի մէջ վերջերս կայացած է ՜՜ Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ՝՝նիւթով կլոր սեղան մը. եռօրեայ այս միջոցառման մասնակցած են տեղական եւ արտերկրի 50 մասնագէտներ։ Քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձում կատարուած են կարգ մը հարցերուն, ինչպէս. մշակութային ժառանգութիւնը մշակոյթներու երկխօսութեան միջոց դարձնելու կարելիութիւնները եւ ի՞նչպէս միաւորել ժառանգութեան հայ պահապաններու ու հայկական համայնքներու ջանքերը, որպէսզի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը պատշաճօրէն խնամուի։ Սոյն ձեռնարկը կազմակերպած են՝ մշակոյթի նախարարութիւնը, ԻԿՕՄՕՍ հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ հիմնադրամը։





Յուշարձան Բռնադատուածներու ի յարգանք

Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է Կասկադ համալիրի վերնամասը գտնուող Բռնադատուածներու վերանորոգուած յուշահամալիրի բացման հանդիսութիւնը։ Յուշարձանի համահեղինակներն են ճարտարապետներ Ճիմ Թորոսեան եւ Սարգիս Գուրզադեան։ Սոյն յուշահամալիրին մօտիկ նորակառոյց պազալթէ յուշարձանին վրայ փորագրուած են Եղիշէ Չարենցի խօսքերը՝ ՜՜Բոլոր նրանց հոգիներին արեւավառ՝՝։



Երեւանի մէջ դիւանագիտական դպրոց

Հայաստանի արտաքին գործոց Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղի աւարտական դասարաններու ուսանողներուն հետ հանդիպում ունեցած է որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է ՜՜ կարեւոր համարելով երիտասարդ մասնագէտներու մուտքը դիւանագիտական ծառայութեան համակարգ՝՝։ Այս առթիւ հայրենի նախարարը տեղեկացուցած է, թէ այս նպատակով, Երեւանի մէջ ,յառաջիկայ տարի, բացումը պիտի կատարուի արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր դիւանագիտական դպրոցի մը, որ ապագայ դիւանագէտներուն պիտի ընծայէ ՜՜միջազգային յարաբերութիւններու եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին տեսական եւ գործնական գիտելիքներ ստանալու կարելիութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.