2009-01-04 14:21:51

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում։


 Կիրակի յունուար 4, 8րդ կիրակի յիսնակաց

ընթերցում Ս. Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 22, 24-30 համարները

խոհեմութեան մէջն է իրական մեծութիւնը։

Բանավէճ մը ծագեցաւ անոնց միջեւ, թէ ո՛վ մեծ պիտի նկատուէր իրենց մէջ։ Եւ Ան՝ ըսաւ անոնց ՜՜Ազգերու թաաւորներն են, որ (իրենց հպատակներուն վրայ) տիրակալութիւն կը գործադրեն եւ այդ՝ անոնց վրայ իշխողները (տակաւին) բարերար ալ կը կոչուին։ Սակայն այնպէս պիտի չըլլաք դուք, այլ ով որ մեծն է ձեր մէջէն, այնպէս պէտք է ըլլայ, իբրեւ թէ ամէնէն պզտիկն ըլլար եւ առաջնորդը՝ ինչպէս սպասաւորը պէտք է ըլլայ։ Ո՞վ է մեծը, սեղանի՞ նստողը, թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղանի նստողն է, բայց ես՝ սպասաւորի մը պէս եմ ձեր մէջ։ Դուք էիք, որ միշտ հետս էիք փորձութիւններուս ժամանակ, արդ, ինչպէս իմ Հայրս ուխտած է ինծի, ես ալ ձեզի այնպէս կ՛ուխտեմ արքայութիւնը,

թէ իմ սեղանէս պիտի ուտէք եւ պիտի խմէք իմ արքայութեանս մէջ եւ դո՛ւք պիտի նստիք տասներկու աթոռներու վրայ՝ դատելո՛ւ համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.