2009-01-04 14:21:17

Անիի Աւերակներու Մասին Հեգնական Յօդուած Մը Թրքական ԹԱՐԱֆ Թերթի մէջ։


Թրքական ՝՝Թարաֆ՝՝ թերթի աշխատակից Իւմիտ Քըվանչ 29 նոյեմբերին լոյս տեսած իր սիւնակին մէջ խոր հեգնանքով կը ձաղկէ ուրացումի այն քաղաքականութիւնը որ կը յայտնուի՝ Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ Անիի աւերակներու մասին պատրաստուած կայքէջէն։ Այս ուրացումի հետեւանքով Անիին մասին կը խօսուի առանց մէկ անգամ ՝՝ՀԱՅ՝՝ բառը գործածելու։ Յօդուածագիրը (Իւմիտ Քըվանչ) ՝՝Պագրատցի ընկերներու հետ կը խօսէինք՝՝ խորագրեալ իր յօդուածին մէջ (Պագրատցին անշուշտ մեզի ծանօթ Բագրատունին է) դիտել կուտայ որ երկրի Մշակոյթի Նախարարութիւնը առ այժմ հրաժարեր է ՝՝ԱՆԻ՝՝ անունը ՝՝ԱՆԸ՝՝ անուան փոխելու իր ձգտումներէն ,որովհետեւ հասկցեր է որ այսօրուան պայմաններուն մէջ ասիկա կարելի պիտի չըլլայ ,քանի չափէն աւելի շատ մարդ ՝՝Անին՝՝ կը ճանչնայ որպէս ՝՝Անի՝՝ այլ ոչ թէ որպէս ՝՝Անը՝՝։ Հրաժարեր է ատկէ,բայց յաջողեր է Անիի պատմութիւնը պատմել ու անոր կոթողները ծանօթացնել առանց հայ անունը յիշատակելու։ Յօդուածագիրը իր յօդուածին այդ մասին մէջ կը գրէ հետեւեալ ծաղրական ոճով. ՝՝Իշթէ էֆէնտիմ,861ի ու 1045ի միջեւ Պագրատլը գերդաստանը կը տիրապետէր,Գագիկ Թագաւորի շրջանին ալ մեծ թիւով շինութիւններ կատարուեցան։ Բայց ո՞վ է ուլան այս Պագրատցի գերդաստանը։ Կ՝երեւի թէ մինչեւ այսօր անտես առնուէր է որ թուրքերու ցեղէն եկող Պագրատցի գերդաստան մը կայ եղեր,կ՝երեւի թէ այսպիսի ինչ ըլլալը անյայտ ժողովուրդ մըն ալ կար։ Եթէ անտեսենք այն շատ կարճ ժամանակը,որու ընթացքին տիրապետէր են այդ ինչ ըլլալը անյայտ մարդիկը,Անի քաղաքը ուրեմն միշտ մնացեր էր ՝՝ մերիններուն՝՝ ձեռքը։ Բերդերու վրայ տեսնուող խաչերն ալ այդ շրջանի նախնական երթեւեկի ցուցատախտակներն էին։ Յօդուածագիրը կը շարունակէ ՝՝Դարձեալ ես ինծի կը հարցնեմ թէ այս գործը ընողները ինչպիսի տրամաբանութեամբ եւ ի՞նչ բաներ յուսալով կը շարժին այսպէս։ Ի՞նչպէս եղեր է,մենք զմեզ անոնց տեղը դնենք անգամ մը ։ Ահաւասիկ նստած ենք եւ կ՝ըսենք հետեւեալը ՝՝ հիմա եթէ սա Անի քաղաքը ձեւով մը մէջտեղէն վերցնենք,մեր գլխուն ահագին գործ կը բանանք։ Զափէն աւելի նշանաւոր է, է՜հ առջեւդ ելլողը արդէն շարունակ կը գրէ որ ասիկա հայկական քաղաք մըն է։ Մանաւանդ հայկական սովորական քաղաք մը չէ,հայերու համար պատմական եւ խորհրդանշանական շատ բարձր նշանակութիւն ունեցող քաղաք մըն է եւ այդ Պագրատցի ըսածդ ալ հայ գերդաստան մըն է։ Ուրեմն հիմա չենք կրնար փակ պահել այս տեղը։ Տասնամեակներէ ի վեր արդէն չարտօնեցինք որ մէկը մօտենայ Անիին,ուրեմն եկէք հիմա մենք ստեղծենք մեր Անին։ Մինչեւ այսօր հասցուցինք այնպիսի սերունդեր որոնք կրցան մարսել եղածը չեղածի պէս,չեղածն ալ եղածի պէս ընդունելու քաղաքականութիւնը։ Եթէ վճռական շարժինք եւ մեր տեսակէտին վրայ պնդենք,քանի մը սերունդ վերջ, մէյ մըն ալ կը նայինք որ ամբողջ Թուրքիոյ ժողովուրդը կը հաւատայ որ Անին Սելճուկեան հարազատ քաղաք մըն է,թերեւս մէկ երկու հայեր անցած են անոր պատմութեան մէջէն։ Այդպէս պիտի ՝՝ԳԻՏՆԱՅ՝՝,ինչպէս որ այսպէս գիտէ 1915ը(ներկայ ու ապագայ սերունդերը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.